Showing posts with label Ֆըանսա. Show all posts
Showing posts with label Ֆըանսա. Show all posts

25.12.11

Հնդկահաւերը՝ գայլի տեսքով

ՆԱՅԻՐԻ ՀՈԽԻԿԵԱՆ

Այսուհետեւ,Ֆըանսայի մէջ հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ժխտում մէկ տարի ազատութենէ զրկուելու եւ 45 հազար եւրօ տուգանք վճարելու գինը պիտի արժէ։ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրինագիծի թեման արդեն քանի մը օր է որ ո։՛չ միայն հայկական ու թրքական, այլեւ եւրոպական լրատուամիջոցներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուի: Օրինագիծը ընդունուելէ ետք թուրքերը սկսան հերթով իրականութիւն դարձնել իրենց վարչապետին առաջ քաշած պատժամիջոցներու կէտերը: Ահասարսուռ գիրքին առաջին հարուածը Փարիզոի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի յետկանչն էր: Անոր հետեւեցաւ նաեւ Անգարայէն Ֆրանսայի դեսպանին վերադարձը: Ըսել է, թէ երկու երկիրներուն դիւանագիտական ճակատները փոխադարձաբար մատ ցոյց տուին իրարու, թէ ո՞ր մատը, հասկնալի է, ի հարկէ: