«Ա.»
Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը բնականաբար
պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ
հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»ի նախկին
խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին
հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի
հանգամանք ունի այս քայլը:
Քաղաքական տրամաբանութիւն կը ներփակէ այս տեսակէտը, որուն համոզման կը
ծառայէ նոյնինքն [Էթիէն] Մահճուպեանի պնդումը, թէ իր նշանակումը կապ չունի
հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղուածութեան հետ եւ համընդհանուր
գործունէութեան մէջ կը տեղաւորուի:
Մահճուպեանի հրապարակագրա-քաղաքական անցեալին անդրադառնալը անշուշտ
օգտակար է առնուած քայլին նկատմամբ մեկնաբանութիւններ կատարելու համար:
Բայց նախքան այդ, պէտք է փորձել ընկալել [Ահմէտ] Տաւութօղլուի հրամցուցած այս
մարտավարութեան շարժառիթային հանգամանքները:
Նման բարձրաստիճան պաշտօնի ազգութեամբ հայ հրաւիրելը կարելի է ըսել, որ
քաղաքական որոշ համարձակութիւն կ՛ենթադրէ: Ներքին դժգոհութեան ալիքի
բարձրացում անպայման ակնկալելի է այս նշանակումին դիմաց: Դժգոհութեան ալիքի
մակընթացութիւնը կու գայ ոչ միայն հակաիշխանական շրջանակներէն, այլ նաեւ
նոյնինքն իշխանութեան գլուխի անմիջական շրջապատէն: [Ռեճեփ] Էրտողան գուցէ
բացատրութիւն տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է իր վարչապետին կողմէ տրուած
այս որոշումին դիմաց: Ցեղային խտրականութեան առումով մեծ խախտումի փաստը
տուած Թուրքիոյ այսօրուան նախագահը իր նախընտրական արշաւին ծառայեցուցած էր
«աւելի վատը` նոյնիսկ հայկական ծագում» իրեն վերագրելու
ամբաստանութիւնները շահարկելով:
Հիմա ազգային վատ պատկանելիութիւն ունեցողը կը հրաւիրուի իր նշանակած
վարչապետին հիմնական խորհուրդներ տալու բարձր պաշտօնին: Էրտողանի դէմ այս
առիթով ծաւալած փոթորիկին մէջ թէեւ Մահճուպեան արդարացումներ փորձած էր
գտնել նախագահական այդ օրերու թեկնածուին կողմէ կատարուած յայտարարութեան,
սակայն այդ չէ խնդիրը այստեղ, որ իբրեւ ներքաղաքական հակասութիւն
կ՚ընդգծուի:
Աւելի ճիշդը, ո՛չ թէ հակասութիւն, այլ մարտավարական ընդհանուր
հայեցակարգին մէջ տեղաւորուող ներդաշնակման գործընթացներ: Իշխանական
կուսակցութեան խօսափողը նկատուող «Սապահ»ը այս մասին մտածելու առիթ կու
տայ, երբ Մահճուպեանի նշանակումը կը բացատրէ իբրեւ Էրտողանի ցաւակցագիրին
հետեւող բնական հանգրուան:
Մահճուպեանի նշանակման ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ ընդգրկուած են
նաեւ այլ հանգամանքներ: Մահճուպեանը ընդգրկուած էր կառավարութեան կողմէ
քրտական հարցին լուծում տալու նպատակով ստեղծուած «Իմաստուններու
խորհուրդ»ի կազմին մէջ: Որոշ շրջան մը թրքական մամուլին մէջ հանդէս գալով ի
պաշտպանութիւն կիւլենական իսլամական շարժման գաղափարախօսութեան,
Մահճուպեանը հետագային` Էրտողան-Կիւլեն պայքարին ուղղակի զօրակցած է
առաջինին: Վերջին շրջանին անոր անունը երեւցաւ Էրտողան-հակա-Էրտողան
ներհայկական բանավէճերուն ընթացքին դարձեալ ի պաշտպանութիւն գործող
նախագահին:
Այս հանգամանքները կրնան լրացուցիչ դեր կատարած ըլլալ Տաւութօղլուի առած
քայլին հիմնական շարժառիթին, որ յաչս միջազգային ընտանիքին կը փորձէ ցոյց
տալ հայկական կողմին ձեռք երկարելու գործողութիւններու շաղկապուած շղթայ
մը:
Էթիեն Մահճուպեանը կը նկատուէր [Հրանդ] Տինքի դաւանած գաղափարախօսութեան
անմիջական հետեւորդ մը: Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս»ի խմբագիրի պաշտօնին անոր ստանձնումը կարճ ժամանակ մը խօսիլ տուաւ Հրանդ Տինքի գաղափարներու
շարունակականութեան երաշխաւորի մասին: «Ակօս»ի խմբագրապետութենէն
հրաժարումը, եթէ որոշ շրջանակի համար մեկնաբանուեցաւ «Ակօս»ի կողմէ
նկատուած շեղումներու անհանդուրժողութիւն, այլոց կողմէ նաեւ անհատապէս ի՛ր՝
Մահճուպեանի ակօսական գիծէն դուրս գալու փաստ: Պարզ եւ միանշանակ չէ այս
երկուութենէն մէկուն համոզուելու ընտրանքը: Մանաւանդ որ Մահճուպեան շատ
բարդ հրապարակագիր էր, որուն յօդուածներուն բովանդակային առանցքը
կառուցուած էր քաղաքագիտական փիլիսոփայութեան եւ այլաբանական մտածողութեան
վրայ:
Գործող իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հանրապետութեան օրով
առաջին անգամն է, որ ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակուի
բարձր այս պաշտօնին: Ան իրաւականօրէն այլեւս տարբեր առիթներու կրնայ
ներկայացնել գործող իշխանութիւները: Նաեւ 100-ամեակի հետ կապուած տարբեր
արարողութիւններուն:
«Ազդակ», Հոկտեմբեր 28, 2014
No comments:
Post a Comment