25.12.11

Հնդկահաւերը՝ գայլի տեսքով

ՆԱՅԻՐԻ ՀՈԽԻԿԵԱՆ

Այսուհետեւ,Ֆըանսայի մէջ հայոց ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ժխտում մէկ տարի ազատութենէ զրկուելու եւ 45 հազար եւրօ տուգանք վճարելու գինը պիտի արժէ։ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրինագիծի թեման արդեն քանի մը օր է որ ո։՛չ միայն հայկական ու թրքական, այլեւ եւրոպական լրատուամիջոցներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուի: Օրինագիծը ընդունուելէ ետք թուրքերը սկսան հերթով իրականութիւն դարձնել իրենց վարչապետին առաջ քաշած պատժամիջոցներու կէտերը: Ահասարսուռ գիրքին առաջին հարուածը Փարիզոի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի յետկանչն էր: Անոր հետեւեցաւ նաեւ Անգարայէն Ֆրանսայի դեսպանին վերադարձը: Ըսել է, թէ երկու երկիրներուն դիւանագիտական ճակատները փոխադարձաբար մատ ցոյց տուին իրարու, թէ ո՞ր մատը, հասկնալի է, ի հարկէ: 

Էրտողանի սպառնալիքներու յաջորդ կէտին անցնելէ առաջ, դրացիներու հետ զերօ խնդիրներու գաղափարախօս Տաւութօղլուն տարբեր երկիրներ ծառայող դիվանագէտներու մասնակցութեամբ համաժողով կազմակերպեց, ուր բառացիօրէն կրկնեց ամիսներ առաջ ըսած միտքը, թէ հայկական սփիւռքը նաեւ իրենց սփիւռքն է, որովհետեւ այդ մարդիկ ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութեան տարածքէն հեռացեր են: «Ասիկա մեր համատեղ պատմութիւնն է»,- հպարտօրէն ըսաւ թուրք դիւանագէտը: Հայկական պատասխանը, ըլլալու պարագային, թերեւս կրնայ հնչել մօտաւորապէս այսպէս` բնականաբար ասիկա մեր համատեղ պատմութիւնն է. չէ՞ որ թուրքերը ցեղասպանութեան ենթարկած են 1,5 մլն հայ, իսկ այսօրուան հայկական սփիւռքը այսօրուան Թուրքիոյ հանրապետութեան տարածքէն հեռացած է լոկ այն պատճառով, որ կարողանայ փրկուիլ կոտորածներէն: 
Թրքական նոր-օսմականութեան չափ տուած հայրը (Տաւութօղլուն), սակայն, կը շարունակէ ճշմարիտ դիւանագիտութեան դասեր տալ հարեւան հայերուն ու ֆրանսացիներուն, թէ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներով թշնամանքը աւելի կը խորանայ, ընդամէնը պէտք է մոռնալ դառն անցեալը` թրքական անցեալի մասին, սակայն, շեշտելով. «մենք մեր պատմութենէն ամչնալու որեէ բան չունինք: Ընդհակառակը` մենք ուժ կը ստանանք մեր պատմութենէն»: 
Տավութօղլուի այս միտքը կը յիշեցնէ «Ոդիսական»ի յայտնի հատուածը, երբ կոյր պառաւները ուժ կը ստանան իրենց միակ աչքէն, իսկ թէ իրականին ի՞նչ կը տեսնեն անով, այլ հարց է։
Թրքական սպառնալիքներուն ոդիսականը, սակայն, չաւարտուեցաւ այդքանով: Ահմէտ Տաւութօղլուի ամենաէական յայտարարութիւններէն մէկն ալ այն էր, թէ այս օրէնքով ֆրանսացիները կը խախտեն խօսքի ազատութեան իրաւունքը, եւ «եթէ եւրոպացիները իրենց արժէքներուն տէր չեն կանգնիր, Թուրքիան տէր պիտի կանգնի անոնց»: 
Շատերը հաւանաբար կ՚ըսեն` նորություն չէ: Բայց չմոռնանք, որ եւրոպացիները 20րդ դարասկիզբի հայերը չեն, որ իրենց պատմական հայրենիքին տէր կանգնելու հարցին մէջ յոյսը դնեն «մեծ եղբայրներ»ու «բարեհոգութեան» վրայ: 
Վերադառնանք, սակայն, թրքական թերթօնի 2-րդ կէտին` ճիշդ Ֆրանսան կը մեղադրուի ցեղասպանութեան մէջ` ալճերիացիներու 15 առ հարիւրը ոչնչացնելու համար, Ռեճեփ Էրտողանի պատասխան յայտարարութիւնն է` ուղղուած Նիքոլա Սարքոզիին. «Չե՞ս հաւատար, պապայիդ հարցուր»,-կը շեշտէ Թուրքիոյ վարչապետը: «Ծիծաղելի մարդը ծիծաղաշարժ բաներ է կ՚՚ըսէ»,- արձագանգեց նւյն ինքը Սարքոզիի հայրը` Փալ Սարքոզին:
«Կը դադրեցնենք համատեղ զօրավարժութիւններն ու բոլոր քաղաքական շփումները»,- շարունակեց սպառնալ Ռեճեփ Էրտողանը, որուն մուղամին աւելի ուշ միացաւ Ապտուլլահ Կիւլը` Փարիզին կոչ ընելով դուրս գալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութենէն` եթէ հայերը կը սիրես, ուրեմն չես կրնար ատրպէյճանամէտ առաջարկներ ընել, մօտաւորապէս այսպիսի պատճառաբանութեամբ: «Կիւլ աքպար»,-Ատրպէյճանի մէջ արձագանգեցին լայնածաւալ ցոյցերով: Ատրպէյճանցի խորհրդարանականներն ալ իրենց սէրն ու նուիրումը յայտնեցին աւագ եղբօր` խուսափելով, սակայն, Ֆրանսայի հասցէին կոշտ յայտարարութիւններէ:
Իսկ Թուրքիոյ խորհրդարանը ո՛չ թէ յայտարարութիւններով, այլ փաստացի գործողութիուններով պատժեց ֆրանսացիներուն. անոնք արժանացան թուրքերու հետ խորհրդարանական բարեկամական խմբի դաժան կորուստին` եթէ չկան բարեկամական քայլեր, ի՞նչ իմաստ ունին բարեկամական խումբերը, տրամաբանական բացատրութիւն տուին թուրքերը` միաժամանակ թուրք առեւտրականներուն կոչ ընելով, իսկ իրականին պարտադրելով վաճառքէ հանել ֆրանսական ապրանքները: 
Թրքական պատժամիջոցներու շարքը այսքանով ալ չի վերջանար: Ութ կէտանոց այդ դաժան փաստաթուղթը կեանքի կոչուելու պարագային «Բարդուղիմէոսեան գիշեր»էն յետոյ կ՚ըլլայ Ֆրանսայի պատմութեան ամենատխուր էջը: Նիքոլա Սարքոզին, սակայն, իր մէջ ուժ գտաւ դէմ կանգնելու գայլերու կայսրութեան եւ յայտարարեց, որ պէտք է սորվիլ «յարգել իւրաքանչիւրի համոզումները` չփորձելով վախցնել կամ դասեր տալ»: Միջնամատի ցուցադրում երկրորդ անգամ: 
«Թուրքիան չափազանց յարձակողական է երկրի մը համար, որ կ՚ուզէ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան»,- Սարքոզիի միտքը շարունակեց իր հայազգի համախոհն ու աջ ձեռքը` Փաթրիք Տէվէճեանը: Պատասխանի աւելի մեղմ բառեր գտաւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու նախարարութիւնը` ողջմտութեան ու հանդարտութեան կոչ ընելով Անգարային. «Փարիզն ու Անգարան համատեղ ծրագիրներ ունին, Ֆրանսայի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սերտ են ու բազմատեսակ»,- իրավիճակը փորձեց մեղմել դիվանագիտօրէն թրքասէր Ալէն Ժիւփէն:
Այսքանը թուրք-ֆրանսական փոխադարձ «հաճոյախօսութիւններ»ու առաջին հանգրուանէն: Թուրքերը նոքտաունի մէջ են, բայց թրքական պուքմէյքըրները որոշած են ամէն կերպ աջակցիլ իրենց իշխանութեան` հրաժարելով խաղադրոյքներ ընդունիլ Ֆրանսայի ի նպաստ: 
Չենք երկրպագեր ֆրանսացիները, ստիպուած կ՚ըլլանք ցաւիլ հնդկահաւին (՚՚՚*) համար: Թուրքիան համացանցի մէջ այսուհետեւ այդ անուանումը պիտի ունենայ: «Կեցցէ Աթաթուրքը, կեցցէ իր հնդկահաւը»: 

Emedia.am, 24 Դեկտեմբեր 2011
(Արեւմտահայերէնի վերածուած)

(*) Հնդկահաւի անգլերէն թարգմանութիւնը turkey է։ Ըստ tert.amի լրատուութեան, Դիմագիրքի (Facebook) «Հայկական հարցեր» խումբին մէջ ոմն Ֆաթիհ Չիֆթճի վերջին օրերուն սադրանք մը փորձած է՝ "Long live Turkey" նախադասութիւնը հայերէն թարգմանութեամբ տեղադրելով։ Յայտնապէս ան դիմած է Googleի թարգմանութեան, որուն արդիւնքը եղած է «Կեցցէ հնդկահաւ»... (հայաստանեան ուղղագրութեամբ՝ «Կեցցե հնդկահավ»)։ Անգիտակ թուրքը (կամ ազերին), նոյնքան բնականաբար, զայն տեղադրած է իր էջին մէջ՝ արժանանալով հայ այցելուներու բուռն հակազդեցութեան։ Դեկտեմբեր 23ին, ծիծաղաշարժ արտայայտութիւնը ջնջուած էր անոր կողմէ (Ծանօթ. «Հայկականք»ի)։

No comments:

Post a Comment