Անգլերէնով լոյս տեսնող թրքական «Today’s Zaman» օրաթերթի սիւնակագիր եւ հրապարակախօս Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ, որ յաճախ կ՚անդրադառնայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, իր վերջին յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ` հայոց ցեղասպանութեան առընչուող ժխտողական քաղաքականութեան եւ պաշտօնական դիրքորոշման անփոփոխ մնալուն մասին:
Ճէնկիզ կ՚ըսէ, թէ շարք մը իրողութիւններ ի մի բերելով, կրնանք ստանալ վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ 2015ին հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հաւանական ռազմավարութեան եւ ձեռնարկուելիք քայլերու ամբողջական պատկերը:
Հոկտեմբերին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ա. Տաւութօղլու Զուիցերիա կատարած այցի ընթացքին այդ երկրին իշխանութիւններուն յայտնեց Ժընեւի մէջ հայոց կողմէ կառուցուելիք յուշարձանի հարցին կապակցութեամբ իրենց «զգայնութեան» մասին: Յօդուածագիրը կ՚ըսէ, թէ այդ «զգայնութենէն» կարելի է հետեւցնել, թէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը 1915ի նկատմամբ դոյզն իսկ չէ փոխուած:
Պէտք է նաեւ յիշել, կ՚ըսէ ան, թէ ի՞նչ ըսած է փոխվարչապետ, «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան (AKP) բանբեր Պիւլէնթ Առընչ 2015ի մասին. «Այդ թուականը թէ՛ Կալիբոլիի պատերազմին, թէ՛ հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն 100ամեակին կը զուգադիպի: Մենք լրջօրէն կը մօտենանք հարցին: Լուրջ աշխատանք կը կատարուի գիտաժողովներու, բանախօսութիւններու, հրապարակումներու եւ վաւերագրական ժապաւէններու միջոցով: Բայց մենք նաեւ կ՚օգտագործենք հանրային դիւանագիտութեան շատ յատուկ գործելաձեւեր, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ աշխարհի վրայ»:
Ապա, Ճէնկիզ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները որեւէ հարցի շուրջ չեն յաջողիր յանգիլ հասարակ յայտարարի, սակայն ինչպէս կը տեսնենք, բացի քրտամէտ «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութենէն, բոլորն ալ համաձայն են, որ անհրաժեշտ է «բաներ մը ընել» 2015ի առթիւ: Այս առնչութեամբ կը պատմէ, թէ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններու անդամները քով-քովի եկան Խորհրդարանին մէջ` քննարկելու համար «հայոց ցեղասպանութեան մասին պնդումներուն դէմ» հակազդեցութեան քայլերու ճշդումը: Եւ բոլորն ալ, անխտիր, յանգած են համաձայնութեան՝ այդ պնդումներուն դէմ պայքարելու: Երբ խօսքը կը վերաբերի հայոց ցեղասպանութեան, անոնք դիւրաւ եւ արագօրէն կը համաձայնին:
Գրութեան հեղինակը այնուհետեւ կ՚անդրադառնայ Թուրք Պատմութեան Հիմնարկին (TTK), որ նոյնպէս կը պատրաստուի 2015ին: Անոր նախագահը ըսած է, թէ 2015ի ընդառաջ կ՚աշխատին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին աւարտական բնագրի մը վրայ:
Յօդուածագիրը դեռ կը մատնանշէ Էրտողանի այն «խորամանկութիւնը», թէ ան յաճախ կը պարծենայ երկրին ազգային խճանկարով, բայց այդ խճանկարին մէջ երբեք չի յիշեր ոչ-մահմետական բաղկացուցիչները, գոհանալով՝ արաբներու, քիւրտերու, թուրքերու, չէրքէզներու եւ լազերու յիշատակումով:
«Ինչպէս մնացեալ ամէն ինչ, 2015ը եւս երկրորդական հարց է կառավարութեան համար, որ այժմ կը փորձէ գոյատեւել կաշառակերութեան հետաքննութեան պայմաններուն մէջ՝ օգտագործելով ձեռքին տակ գտնուող բոլոր միջոցները: Կառավարութիւնը հետաքննութիւնը դադրեցնելու ուղղուած իր ամէն մէկ քայլով աւելի կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն եւ օրէնքի գերակայութենէն», կը գրէ ան՝ եզրակացնելով. «Քանի որ կառավարութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ իր վնասուած հեղինակութիւնը վերականգնելու նպատակով դեռ չէ դիմած աննախադէպ եւ աւելի համարձակ քայլերու, ինչ որ անհաւանական ալ կը թուի, անիմաստ կ՚ըլլայ Թուրքիայէն կտրուկ փոփոխութիւն ակնկալել 2015ի առնչուող պաշտօնական դիրքորոշման մէջ: Կարճ խօսքով, որքան ալ խօսքի ազատութեան տեսանկիւնէն զգալի զարգացումներ արձանագրուին 1915ի շուրջ ծաւալող քննարկումներու ընթացքին, անհաւանական կը թուի Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերուն առնչուող պաշտօնական դիրքորոշման որեւէ փոփոխութիւն»:

«Նոր Յառաջ», Փետրուար 4, 2014
No comments:
Post a Comment