Showing posts with label քերականութիւն. Show all posts
Showing posts with label քերականութիւն. Show all posts

25.6.17

Կիրակնօրեայ զրոյցներ



ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 Որ եւ թէ ստորադասական մեկնական շաղկապներ
1. Ասոնք հայերէնի ամէնէն աւելի օգտագործուող ստորադասական շաղկապներն են.  գրեթէ կարելի չէ խօսք  կազմել առանց ասոնցմէ մէկին կամ միւսին անխուսափելի գործածութեան: Իսկ այս գործածութիւնը ունի իր օրէնքները, որոնք հետզհետէ աւելի  կ’անտեսուին  նոր,-- եւ ոչ միայն նոր,-- սերունդներուն կողմէ: 

26.8.14

Սխալնե՜ր, սխալնե՜ր, սխալնե՜ր

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Եթէ հետեւող մըն էք Սփիւռքի հայկական թերթերուն, դիւրաւ պիտի նկատէք, թէ անոնք որքա՜ն աղքատացած են թէ՛ պարունակութեամբ, թէ՛ լեզուով։ Մեր երբեմնի շքեղ արեւմտահայերէնը, որ Եղեռնէն կարճ ժամանակ առաջ բարձունքներ նուաճած էր, ու սփիւռքի առաջին յիսուն-վաթսուն տարիներուն եւս ինքզինք վերամշակեր, յարդարեր ու գեղեցկացուցեր էր, հիմա փետրաթափ եղած է կարծէք…։