26.8.14

Սխալնե՜ր, սխալնե՜ր, սխալնե՜ր

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Եթէ հետեւող մըն էք Սփիւռքի հայկական թերթերուն, դիւրաւ պիտի նկատէք, թէ անոնք որքա՜ն աղքատացած են թէ՛ պարունակութեամբ, թէ՛ լեզուով։ Մեր երբեմնի շքեղ արեւմտահայերէնը, որ Եղեռնէն կարճ ժամանակ առաջ բարձունքներ նուաճած էր, ու սփիւռքի առաջին յիսուն-վաթսուն տարիներուն եւս ինքզինք վերամշակեր, յարդարեր ու գեղեցկացուցեր էր, հիմա փետրաթափ եղած է կարծէք…։

Մեր թերթերուն էջերը լեփ-լեցուն են ուղղագրական, լեզուական, շարահիւսական անհամար սխալներով…։ Խմբագիրներն անգամ անտեղեակ են այդ սխալներէն…
Վերջին քանի մը օրերուն, պատահաբար, փունջ մը խորագիրներ արտագրեցի Սփիւռքի մեր թերթերէն։ Խորագիրներ՝ որոնք տպուած էին ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐՈՎ։ Անշուշտ, երբ լրատուութեան մը վերնագիրն իսկ սխալ հայերէնով շարադրուած է, ալ մի՛ հարցնէք շարունակութեան մասին…
Ստորեւ կու տամ 7 նմոյշներ զանազան թերթերէ։ Բոլորն ալ խորագիրներ են, եւ բոլո՛րն ալ ՍԽԱԼ։ Կ՛առաջարկեմ, որ ընթերցողներ իրե՛նք փորձեն սրբագրել նախադասութիւնները.

- «Սփիւռք ամառնային դպրոց» եւ «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները հիւրընկալեցին ՀՀ վարչապետին
-Համեմատական գրականութիւնը ժողովուրդներուն իրար կը մօտեցնէ եւ կ՛ամրացնէ անոնց բարեկամութիւնը
-Նախագահ Սըլէյման մաղթեց որ Եւրոպական Միութիւնը վերանայի իր որոշումին
-ՀՅԴ-ի եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին միջեւ հարցեր չկան, այլեւ՝ տեսակէտներու տարբերութիւն
-Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց վերադարձուած են դիմումներուն միայն 16 տոկոսը
-Նախագահ Սըլէյման դատապարտեց Հերմէլի ուղղութեամբ արձակուող հրթիռները
-Սուրիական ընդդիմութիւնը յարանուանութեան հիմամբ սպանութիւններ կատարած է . Լուքաշեւիչ։


Facebook/Aleppo Armenians



No comments:

Post a Comment