Արեւմտահայերէնի
կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու
որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային,
մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու
Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են:
Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած
արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական
հարցերէն մէկը դարձած է։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Օքսֆորտ. Show all posts
Showing posts with label Օքսֆորտ. Show all posts
2.11.16
30.1.16
Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» թեմայով գիտաժողովը
Ժ. Չ.
Անցնող 21-23 Յունուարին Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնին
նուիրուած «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» գիտաժողովը «աւանդական» գիտաժողով
չէր։ Աշխատանոցային էր, ուր մասնակիցներու զեկուցումներուն յատկացուած
բաժինը սահմանափակուած էր, հաւաքական քննարկումներուն եւ փորձառութիւններու
փոխանակումին աւելի տեղ տալու համար։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
28.1.16
Արեւմտահայերէնը եւ ապագան
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեծն
Բրիտանիոյ հնագոյն կրթական կեդրոններէն մէկուն՝ Օքսֆորտ քաղաքի
նոյնանուն նշանաւոր համալսարանի Փեմպրուք գոլէճին մէջ, անցեալ
շաբթուան ընթացքին՝ Յունուարի 21-23-ը, հայկական շունչ կը տիրէր:
Մինչ ժողովի սկսիլը, դէպի գոլէճ տանող մուտքին տեղադրուեցաւ
հայերէնով ցուցանակ մը՝ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն»
գրութեամբ, որ ցոյց կու տար այն սրահի ճամբան, ուր երեք օրեր
շարունակուեցան հայերէնի զարգացման ու պահպանման մասին
քննարկումները, նաեւ օտար համալսարանականներ երեք օր
շարունակ ականատես եղան հայերէն գիրերով ցուցանակին:
Օքսֆորտի մէջ հաւաքուած էր արեւմտահայերէնի պահպանման
հարցերով մտահոգ Սփիւռքի մտաւորականութեան ընտրանիէն խումբ մը,
հրաւիրեալներ՝ Հայաստանէն: Անոնք կրթական, գիտական ասպարէզի
ներկայացուցիչներ էին, արեւմտահայերէն մամուլի
պատասխանատուներ, հրատարակիչներ ինչպէս նաեւ՝ գրական
գործիչներ:
21.1.16
Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր՝ 21 Յունուար 2016ին, Մեծն Բրիտանիոյ նշանաւոր քաղաքներէն
մէկուն՝ Օքսֆորտի նոյնքան նշանաւոր համալսարանին մէջ կը
մեկնարկէ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած համաժողով
մը, որ կը կրէ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը:
Առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր եւրոպական
համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի
օգտագործուի ո՛չ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեան «առարկայ»,
այլ որպէս հիմնական ատենախօսութեան լեզու, քանի որ բոլոր
նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան, այն տրամաբանութեամբ,
որ հաւաքը միտուած է արեւմտահայերէնի պահպանման: Ժողովին վեց նիստերը տեղի պիտի ունենան 22-23 Յունուարին։
Subscribe to:
Posts (Atom)