Արեւմտահայերէնի
կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու
որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային,
մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու
Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են:
Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած
արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական
հարցերէն մէկը դարձած է։
Blog for informed opinions / Կայքագիր իրազեկ կարծիքներու համար / Blog para opiniones informadas
Showing posts with label Հրաչ Չիլինկիրեան. Show all posts
Showing posts with label Հրաչ Չիլինկիրեան. Show all posts
2.11.16
16.9.16
Հայաստանի ներքաղաքական հարցերում առաւել արդիւնաւէտ կարող է ներգրաւուել «հայաստանեան» Սփիւռքը
ԱՐՄԱՆ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ
Օգոստոսի կէսերուն, հայաստանեան «Առաջին լրատուական» կայքէջը զրուցած է Օքսֆորտի համալսարանի ընկերաբանութեան ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ։ Հարցազրոյցը շահեկան անդրադարձ մը կը կատարէ Յուլիսի հայաստանեան դէպքերուն եւ Սփիւռքի ներկայ դիրքորոշումին՝ հայաստանեան իրավիճակին դէմ յանդիման։ Պահած ենք Հ. Չիլինկիրեանի պատասխաններուն լեզուն։
30.1.16
Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» թեմայով գիտաժողովը
Ժ. Չ.
Անցնող 21-23 Յունուարին Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնին
նուիրուած «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» գիտաժողովը «աւանդական» գիտաժողով
չէր։ Աշխատանոցային էր, ուր մասնակիցներու զեկուցումներուն յատկացուած
բաժինը սահմանափակուած էր, հաւաքական քննարկումներուն եւ փորձառութիւններու
փոխանակումին աւելի տեղ տալու համար։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
21.1.16
Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր՝ 21 Յունուար 2016ին, Մեծն Բրիտանիոյ նշանաւոր քաղաքներէն
մէկուն՝ Օքսֆորտի նոյնքան նշանաւոր համալսարանին մէջ կը
մեկնարկէ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած համաժողով
մը, որ կը կրէ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը:
Առաջին անգամն է, որ Օքսֆորտի նման համբաւաւոր եւրոպական
համալսարանի մը մէջ լրիւ իմաստով արեւմտահայերէնը պիտի
օգտագործուի ո՛չ թէ միայն որպէս ուսումնասիրութեան «առարկայ»,
այլ որպէս հիմնական ատենախօսութեան լեզու, քանի որ բոլոր
նիստերը արեւմտահայերէնով պիտի ըլլան, այն տրամաբանութեամբ,
որ հաւաքը միտուած է արեւմտահայերէնի պահպանման: Ժողովին վեց նիստերը տեղի պիտի ունենան 22-23 Յունուարին։
Subscribe to:
Posts (Atom)