Showing posts with label Թէօ վան Լինտ. Show all posts
Showing posts with label Թէօ վան Լինտ. Show all posts

2.11.16

«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն». տեղեկագրութիւն եւ առաջարկներ

Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։

30.1.16

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» թեմայով գիտաժողովը

Ժ. Չ.
 
Անցնող 21-23 Յունուարին Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնին նուիրուած «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» գիտաժողովը «աւանդական» գիտաժողով չէր։ Աշխատանոցային էր, ուր մասնակիցներու զեկուցումներուն յատկացուած բաժինը սահմանափակուած էր, հաւաքական քննարկումներուն եւ փորձառութիւններու փոխանակումին աւելի տեղ տալու համար։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

21.1.16

Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Այ­սօր՝ 21 Յու­նուա­ր 2016ին, Մեծն Բրի­տա­նիոյ նշա­նա­ւոր քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆոր­տի նոյն­քան նշա­նա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կը մեկ­նար­կէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի խնդիր­նե­րուն նուի­րուած հա­մա­ժո­ղով մը, ո­ր կը կրէ  «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րու­ն» խո­րա­գի­րը: Առա­ջին ան­գամն է, որ Օքս­ֆոր­տի նման համ­բա­ւա­ւոր եւ­րո­պա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մը մէջ լրիւ ի­մաս­տով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուի ո՛չ թէ միայն որ­պէս ուսումնասիրու­թեան «ա­ռար­կա­յ», այլ որ­պէս հիմ­նա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան լե­զու, քա­նի որ բո­լոր նիս­տե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով պի­տի ըլ­լան, այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ հաւաքը մի­տուած է ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­մա­ն: Ժողովին վեց նիստերը տեղի պիտի ունենան 22-23 Յունուարին։