Showing posts with label Գարեգին արք. Խաչատուրեան. Show all posts
Showing posts with label Գարեգին արք. Խաչատուրեան. Show all posts

20.5.25

Դուրեանի գանկին ուղեւորութիւնը դէպի Երեւան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ


1959-ին Պոլսոյ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան հանդիպակաց փողոցը լայնցնելու պատրուակով քաղաքային իշխանութիւնները կը պետականացնեն գերեզմանատան այն հատուածը, ուր բազմաթիւ շիրիմներու շարքին կը գտնուէր նաեւ Պետրոս Դուրեանի՝ Աբովեանի, Քուչակի, Սայեաթ-Նովայի, Նարեկացիի, Շնորհալիի համահաւասար ուժով այս հանճարի (փոխ կ՚առնեմ Օշականէն) գերեզմանը։

8.8.17

Ի՞նչ իրաւունքով եղծանել Դուրեանին շիրիմը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
 
Սփիւռքա­հայ գրա­գէտ Վահ­րամ Մա­վեան, որ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տութեան հայ­կա­կան գրա­սենեակին աշ­խա­տակիցն էր միաժա­մանակ, Պո­լիս հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թե­նէ վերջ բա­ւական խօ­սուն վեր­նա­գիրով մը կը կնքէ իր տպա­ւորու­թիւննե­րը գրա­ռած մէկ յօ­դուա­ծը՝ «Քա­ղաքը որ կ՚ապ­րի իր մե­ռել­նե­րով»։ Միայն Մա­վեա՞նը մի­թէ… Քա­նի՜ քա­նի այ­ցե­լու­ներ իրենց Պո­լիս կե­ցու­թեան շրջա­նին, նոյ­նիսկ պոլ­սե­ցիներ՝ դպրո­ցական ըլ­լան թէ շրջա­նաւարտ, գե­րեզ­մա­նատու­նե­րու մէջ կ՚որո­նեն իրենց ան­ցեալը, յագուրդ կու տան պատ­մութեան հան­դէպ իրենց ծա­րաւին, կը ստեղ­ծեն մօ­տիկու­թիւն մը մեծ բա­նաս­տեղծնե­րուն կամ ան­հատնե­րուն հետ։ Շա­տեր կը յի­շեն ան­պայման. Հայաստա­նի առա­ջին նա­խագահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան, երբ առա­ջին ան­գամ քա­ղաքս կ՚այ­ցե­լէր, առա­ջին իսկ ազատ պա­հուն՝ իր շունչը կ՚առ­նէր Պաղ­լարպա­շըի հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ՝ տես­նե­լու հա­մար Պետ­րոս Դու­րեանին շի­րիմը… Այո՛, Պետ­րոս Դուրեանի, որու շի­րիմը ո՛չ միայն մեր այս ար­դի ժա­մանակ­նե­րուն ուխտա­վայր մը դարձած է, ո՛չ միայն վա­ղուց կո­րու­սեալ ան­ցեալէն մա­սունքի մը վե­րաբե­րու­մին ար­ժա­նացած է վեր­ջերս, այլ, բո­լոր հա­յերուն հա­մար եղած է այ­ցե­լավայր մը շատ հին ժա­մանակ­նե­րէն սկսեալ։ Ան­կա­րելի է հոս չյի­շել Զա­պէլ Եսա­յեանի հրա­շալի տո­ղերը, «Սկիւտա­րի վեր­ջա­լոյսներ»էն, ուր գրա­գիտու­հին զգա­յուն տո­ղերով կը նկա­րագ­րէ իր այ­ցե­լու­թիւնը Դու­րեանի շի­րիմին։