19.4.16

«Հայերը եւ Պաղ Պատերազմը» գիտաժողովը՝ անհրաժեշտ եւ ուսանելի ձեռնարկ մը

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հայաստանի ան­կա­խու­թեան հռչա­կագիրն ու հան­րա­քուէն (1990-1991) փաս­տա­կան կերպով նշե­ցին աւե­լի քան քա­ռաս­նա­մեայ Պաղ Պա­տերազ­մին աւար­տը, որուն նշան­նե­րը ար­դէն 1989ին տրուած էին։ Այ­նուհե­տեւ, այդ շրջա­նը կար­ծէք մեր հա­ւաքա­կան գիտակցութեան մէջ ան­տե­սու­մի, եթէ ոչ մո­ռացու­թեան մատ­նուեցաւ։ Քօղ մը ծած­կեց թէ՛ Հա­յաս­տան-Սփիւռք եւ թէ՛ ներսփիւռքեան բազ­մա­թիւ դէպ­քերն ու երե­ւոյթնե­րը, ու այս վիճակին մէջ նաեւ դեր խաղացին ու կը խա­ղան հա­յաշ­խարհի քա­ղաքա­կան իրադրութիւնը յետ-խորհրդա­յին տարինե­րուն, Պաղ Պա­տերազ­մի ժա­մանա­կաշրջա­նի իբրեւ թէ ոչ-ու­սուցո­ղական բնոյ­թը, ժամանա­կային բա­ւարար հե­ռաւո­րու­թեան չգոյութիւնը, դե­րակա­տար­նե­րուն շա­տերուն ողջ (եր­բեմն՝ գոր­ծօն) ըլ­լա­լը, սկզբնաղբիւրներու ան­բա­ւարար մատ­չե­լիու­թիւնը, եւ այլն։
Ահա թէ ին­չու խիստ գնա­հատե­լի էր ԱՄ­Ն-ի Մի­շիկըն-Տիր­պոռն հա­մալ­սա­րանի (Տիթրոյիթ) Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Հա­յոց պատ­մութեան դա­սախօս ու տեղ­ւոյն Հայ­կա­կան Հետազօ­տու­թեան Կեդ­րո­նի վա­րիչ դոկտ. Արա Սան­ճեանի կող­մէ մտայ­ղա­ցուած գիտաժողովը՝ «Հա­յերը եւ Պաղ Պա­տերազ­մը» նիւ­թով, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ 1-3 Ապրի­լին, հա­մալ­սա­րանի «Քո­չէֆ» լսարանին մէջ։ Այս ան­նա­խըն­թաց ու տա­րողու­նակ գիտաժո­ղովը քով-քո­վի բե­րած էր 21 զեկու­ցողներ՝ եօթը եր­կիրնե­րէ (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրան­սա, Անգլիա, Հա­յաս­տան, Ռուսաստան, Ար­ժանթին եւ Պրա­զիլ), հայ թէ օտար, որոնք երեք օրե­րու ըն­թացքին ներկայացու­ցին բո­վան­դա­կալից զե­կու­ցումներ։ Այս հա­ւաքոյ­թը կը վա­յելէր Հայ­կա­կան Ուսմանց եւ Հե­տազօ­տու­թեանց Ազ­գա­յին Ընկերակցութեան (NAASR), «Գա­լուստ Կիւլպէնկեան» հիմ­նարկու­թեան եւ շարք մը տիթրո­յիթաբ­նակ ազ­գա­յին­նե­րու հովանաւորութիւնը։ Այստեղ պէտք է նշել գի­տաժո­ղովին ան­թե­րի կազ­մա­կեր­պումը, որ արգա­սիքն էր Ա. Սան­ճեանի ու իր գոր­ծա­կից­նե­րուն՝ Ճերըլտ Օթ­թենպրայ­թի ու Անի Գաս­պա­րեանի տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին։
Բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուրբաթ, 1 Ապ­րի­լի երե­կոյեան։ Բա­րի գա­լուստի խօս­քեր արտասանեցին հա­մալ­սա­րանի արուեստնե­րու, գի­տու­թեանց եւ գրա­կանու­թեան բաժանմունքի տեսու­չը՝ Մար­թի Հեր­շոք, «Ար­մի­նիըն Ռի­վիւ» հան­դէ­սի գլխա­ւոր խմբա­գիր Աս­պետ Քո­չիկեանը եւ Հայ­կա­կան Ուսմանց եւ Հե­տազօ­տու­թեանց Ազ­գա­յին Ընկերակցութեան ներ­կա­յացու­ցիչ Կրե­կորի Աւ­դանտի­լեանը։ Նե­րածա­կան խօս­քով, Արա Սան­ճեանը բա­ցատ­րեց գի­տաժո­ղովին շար­ժա­ռիթ­նե­րը եւ ու­րուագ­ծեց Պաղ Պա­տերազ­մի տար­բեր փու­լե­րը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ զե­կու­ցումնե­րու ընդհա­նուր բովանդակութեան, նշե­լով կարգ մը բնագաւառներ, ուր նիւ­թեր կա­րելի չէր եղած ապահովել, ինչպէս եւ հե­տազօ­տու­թիւնը խորաց­նե­լու անհրաժեշտութիւ­նը։ Ա. Սան­ճեանի հա­մոզու­մով, «կը հա­ւատանք, որ Պաղ Պատերազ­մի դա­րաշրջա­նի վեր­լուծու­մը, իր լարուած եւ յա­րաբե­րաբար հան­դարտ շրջաններով, շատ կա­րեւոր է Հա­յոց ներ­կան հասկնա­լու հա­մար, յատ­կա­պէս՝ յե­տեղեռ­նեան Սփիւռքի մէջ, ուր գոր­ծօն հաստատութիւններէն շա­տեր, ինչպէս եւ յա­րատե­ւող կազմակերպա­կան բա­ժանա­րար գի­ծերը, նա­խապա­շարումնե­րը եւ կարծրա­տիպե­րը, բո­լորն ալ բիւ­րե­ղացան այդ տարիներուն ըն­թացքին»։
Առանց մտնե­լու երեք օրե­րուն ըն­թացքին ներ­կա­յացուած 21 զե­կու­ցումնե­րէն իւրաքանչիւրին ման­րա­մաս­նութիւննե­րուն մէջ, պի­տի թուար­կենք անոնց շօ­շափած նիւ­թե­րը, որոնք ընդհանուր գա­ղափար մը պի­տի տան բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին. 1920-30ական թուականներու քրտա­կան ապստամ­բութիւննե­րը Թուրքիոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցու­թիւնը եւ իսլա­մացած հա­յերը (Կա­րապետ Մոմ­ճեան), Դաշ­նակցու­թեան քաղաքա­կան ըն­թացքին վե­րիվայ­րումնե­րը 1941-1947ին (Վա­հէ Սա­հակեան), ամե­րիկա­հայե­րու ներ­գաղթը Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան (Հէյ­զըլ Ան­թա­ռամեան-Հոֆ­ման), «Հայ­րե­նիք Ուիք­լի»ի (այժմ՝ «Ար­մի­նըն Ուիք­լի») եւ «Ար­մի­նիըն Միր­րոր-Սփէք­թէյթըր» թեր­թե­րու բանավէ­ճերը 1951ին (Լե­ւոն Չոր­պա­ճեան), Ռու­բէն Դար­բի­նեանի գրու­թիւնննե­րը «Արմինիըն Ռի­վիւ»ի մէջ (Կրե­կորի Աւ­դանթի­լեան), Դաշ­նակցու­թիւնը եւ Պաղ Պա­տերազ­մը (Պեն­ճա­մին Ալեք­սանտր), «Յա­ռաջ»ը եւ Պաղ Պա­տերազ­մը (Ժի­րայր Չո­լաքեան), «Կարմիր» շար­ժումը Ֆրան­սա­յի մէջ (Աստղիկ Ադա­մեան), դաշ­նակցա­կան եւ ոչ-դաշնակցա­կան տե­սակէտ­նե­րու բա­նավէճ մը Ար­ժանթի­նի մէջ 1947-1948ին (Վար­դան Մատ­թէոսեան), Սան Փաւ­լո­յի հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րը եւ պրա­զիլա­կան ոս­տի­կանու­թիւնը (Հեյ­թոր Լու­րէյրօ), խորհրդա­յին եւ հա­կախորհրդա­յին դաշ­տե­րու բաժանումը արժանթինահայ հա­մայնքին մէջ (Խա­չիկ Տէր Ղու­կա­սեան՝ Skype-ով), խորհրդահայ քաղաքա­կանու­թիւնը Ֆրան­սա­յի եւ Ար­ժանթի­նի հայ հա­մայնքնե­րուն նկատմամբ 1930-1950ին (Նե­լիտա Պուլղուրճեան), խորհրդա­յին-թրքա­կան յարաբերութիւննե­րը եւ թրքա­հայ հա­մայնքը 1945-1964ին (Գէորգ Պետ­րո­սեան), Էջ­միածին-Ան­թի­լիաս յարաբերութիւննե­րը (Հրաչ Չի­լին­կի­րեան), Հայ Եկե­ղեց­ւոյ տագ­նա­պը 1956-1963ին եւ Միացեալ Նա­հանգներ (Ճէյմզ Սթո­քըր), Իս­րա­յէլի եւ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան զինակցութիւնը 1982ին՝ Հա­յաս­տա­նի Ազա­տագ­րութեան Հայ Գաղտնի Բա­նակին նկատմամբ (Էլ­տատ Պեն-Ահա­րոն), թրքա­հայ հա­մայնքի ինքնու­թեան վե­րափո­խու­մը 1980ական թուական­նե­րուն (Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու), Կի­լիկիոյ հայ­կա­կան պետականութեան պատմագրու­թիւնը եւ խորհրդա­յին-արեւմտեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը (Սա­մուէլ Գրի­գորեան), Մեծ Եղեռ­նի յի­շողու­թիւնը Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ (Անոյշ Յով­հաննի­սեան), Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի «հիփ­փի»նե­րու շար­ժումը (Տիգ­րան Մաթոսեան)։
Ան­շուշտ, կա­րելի է նկա­տել, թէ գի­տաժո­ղովին նիւ­թե­րու ցու­ցա­կը հե­ռու էր սպա­ռիչ ըլ­լա­լէ, ինչ որ պէտք է վե­րագ­րել առա­ջարկնե­րու բա­ցակա­յու­թեան (օրի­նակ՝ գրա­կան նիւ­թե­րու շուրջ), սա­կայն, թէեւ պատ­մա­կան ու քա­ղաքա­կան նիւ­թե­րը գե­րակ­շիռ էին, ան նաեւ տեղ տուած էր այլ հա­յեացքնե­րու ներ­կա­յացու­մին։
Իւ­րա­քան­չիւր նիս­տի աւար­տին, զե­կու­ցումնե­րը ու­ղեկցուած էին յա­տուկ քննար­կողնե­րու կարճ ակ­նարկնե­րով, ինչպէս եւ հարց ու պա­տաս­խա­նի շա­հեկան բա­ժին­նե­րով, ուր մասնա­գիտա­կան հա­յեաց­քը կա­րեւոր տեղ մը ու­նե­ցաւ՝ ճշդումնե­րով եւ աշ­խոյժ բա­նավէ­ճերով։ Կարգ մը զե­կու­ցողներ (Աստղիկ Ադա­մեան, Խա­չիկ Տէր Ղու­կա­սեան, Էլ­տատ Պեն-Ահա­րոն, Պեն­ճա­մին Ալեք­սանտր, Վա­հէ Սա­հակեան) նաեւ քննար­կողնե­րու դե­րը ստանձնած էին, որոնց պէտք է աւելցնել յատ­կա­պէս հրա­ւիրուած Ռի­չըրտ Յովհաննէսեանի, Աս­պետ Քոչիկեանի եւ Գէորգ Պար­տագճեանի ներ­կա­յու­թիւնը։
Տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ եր­կու յա­տուկ նիս­տեր, ուր քննար­կուեցան Պաղ Պա­տերազ­մի ժամանակագ­րութիւ­նը եւ անոր ժա­ռան­գութիւ­նը, ինչպէս եւ ներ­կա­յացուեցան առաջարկներ՝ յետագայ հե­տա­զօ­տու­թեան հա­մար։
Կ՚ար­ժէ նշել գի­տաժո­ղովին կարգ մը հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշնե­րը.

ա) Գրե­թէ չպե­ղուած, եր­բեմն «վտան­գա­ւոր» նիւ­թե­րու ար­ծարծու­մը։
բ) Մա­մու­լի եւ ար­խիւնե­րու լայն օգ­տա­գոր­ծում։
գ) Գի­տական հա­յեաց­քի տի­րապե­տու­թիւնը՝ ամե­նէն բարդ ու խնդրա­յարոյց նիւ­թե­րուն մէջ ան­գամ։
դ) Ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ դէպ­քե­րու շուրջ նոր ծալ­քե­րու բա­ցում։

Յատ­կա­պէս շեշ­տուեցաւ ար­խիւնե­րու մատ­չե­լիու­թիւնը ապա­հովե­լու՝ հա­ւաքե­լու եւ պահպա­նելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը տար­բեր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ, ինչ որ բազմիցս ար­ծարծուեցաւ տար­բեր հանգրուան­նե­րու ըն­թացքին։
Կը նա­խատե­սուի, որ ու­սումնա­սիրա­կան նոր հե­ռան­կարներ բա­ցող գի­տաժո­ղովին զեկուցումնե­րը մօտ ատե­նէն լոյս տես­նեն «Ար­մի­նիըն Ռի­վիւ» հան­դէ­սի յա­տուկ թի­ւով։ Յիշենք, որ անոնց ամ­փո­փումնե­րը լոյս տե­սած էին յա­տուկ գրքոյ­կով, որուն պատ­ճէ­նը նաեւ կա­րելի է գտնել Հա­մացան­ցի մէջ (www.academia.edu

«Նոր Յառաջ», 19 Ապրիլ 2016

No comments:

Post a Comment