Showing posts with label Հայաստան-Սփուռք յարաբերութիւններ. Show all posts
Showing posts with label Հայաստան-Սփուռք յարաբերութիւններ. Show all posts

2.11.12

Արդե՞օք ճիշդ է վերադարձը հին ուղղագրութեան


 ԹԵՐԵԶԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
(Ներածական եւ ծանօթագրութիւններ՝
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ)

Ուղղագրութեան բազմաչարչար խնդիրը վերջին քսանամեակին բազմիցս հոլովուած է, ընդհանուր առմամբ՝ տեղքայլի վիճակի մէջ։ Քանի մը առիթներով տողերս գրողն ալ իր կարծիքը արտայայտած է՝ «Յառաջ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածներով։ Վերջին շրջանին, հակընդդէմ երկու կողմերը գոհացած են «դիրքային պատերազմ»ով՝ միեւնոյն տեսակէտներու կրկնութեամբ։ Սակայն, այդ կրկնութիւնը ոչինչ կ՚աւելցնէ հանրային գիտակցութեան կամ տեսակէտներու մշակումին, բացի թիւր տեսակէտներու յարատեւութենէն, երբ սխալ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին։ Այդպիսի վիճակի մը մէջ յայտնուած է, մեր կարծիքով, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Թերեզա Գալստեան, որ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի Սեպտեմբեր 29, 2012ի թիւին մէջ ստորագրած է սոյն յօդուածը։ Որպէսզի ընթերցողը ամբողջական կարծիք կարենայ կազմել, թէ հայաստանեան ուղղագրութեան պաշտպանները փաստարկներու ի՞նչ համակարգի կը հետեւին ներկայիս, որոշեցինք յօդուածը նոյնութեամբ ընթերցողին ներկայացնել՝ անոր կցելով մեր ծանօթագրութիւնները։

Գրաբարեան աւանդական ուղղագրութեան բարեփոխման հարցը ծառացել է դեռեւս 19-րդ դարի կէսերից: Այդ խնդրով մտահոգուած որոշ քայլեր են արել հայ անուանի գրական-հասարակական գործիչներ՝ Նահապետ Ռուսինեանը, Մինաս Չերազը, Խորէն Ստեփանէն, այնուհետեւ Ղազարոս Աղայեանը, Ստեփան Մալխասեանցը եւ ուրիշներ: 1913 թ., Գէորգ V կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կազմւում է յանձնաժողով, որի նպատակն էր քննարկել հայոց աւանդական ուղղագրութեան մէջ որոշակի բարեփոխումներ կատարելու հարցը: Յանձնաժողովի կազմում ընդգրկուած էին Գէորգ վարդապետ Չէօրէքչեանը (հետագայում Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) (1), լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանը եւ ուրիշներ: Սակայն մօտալուտ համաշխարհային առաջին պատերազմը, այնուհետեւ 1915 թուականի մեծ ողբերգութիւնը, ցաւօք, կասեցրին այդ հարցի լուծման ընթացքը: Ուղղագրութեան բարեփոխման խնդիրն առաւելապէս յուզել է ականաւոր լեզուաբան, գրաբարի, միջին հայերէնի եւ ժամանակակից հայոց լեզուի մեծ գիտակ Մանուկ Աբեղեանին: Նա նկատի ունենալով գրաբարեան ուղղագրութեան արդէն խիստ տարբերակուածութիւնը ժամանակակից հայ գրական-արտասանական լեզուից, 1922 թ. յանձն առաւ որոշ բարեփոխումներ անել եւ թարմացնել հայերէնի ուղղագրութիւնը (2), իսկ 1940 թ., լրացուցիչ շտկումներ անելով, հասարակութեանը ներկայացրեց միանգամայն ընդունելի նոր ուղղագրութիւն (3): Եւ, ահա, 90 տարի է, ինչ մենք գրում ենք նոր ուղղագրութեամբ, զերծ մնալով նախկինի ակնյայտ բարդութիւններից (4)։

19.9.11

Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները գործնական յառաջընթացի չյանգեցան

«Առաջին լրատուական» կայքէջը (www.1in.am) Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն-Տիրպորն համալսարանի Հայկական Հետազօտութեան Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Արա Սանճեանի հետ կատարած  է հետեւեալ հարցազրոյցը, զոր կու տանք նոյնութեամբ իր շահեկանութեան համար։

-Պարոն Սանճեան, տարիներ շարունակ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներ են կազմակերպւում։ Մեծ հաշուով ի՞նչ են շահում Հայաստանը եւ Սփիւռքը այդ համաժողովներից։
-Վերջին տարիներուն կազմակերպուած Հայաստան-Սփյուռք համաժողովները կարելի է բաժնել երկու հանգրուանի։ Առաջինը երեք համընդհանուր հաւաքներն էին, որոնք 1999 թուականէն ետք, նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի և արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի իշխանութեան եղած շրջանին տեղի ունեցան։ Կը թուի, թէ նոյն տարողութեան բազմամարդ հաւաքներ այլեւս պիտի չկազմակերպուին, որովհետեւ պարզ դարձաւ, որ բացի իրենց խորհրդանշական իմաստէն, անոնք որեւէ գործնական յառաջընթացի չյանգեցան։