ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ամենէն անիրազեկ հայուն համար պարզ է (կամ պէտք է ըլլայ), որ
ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի շուրջը պտտող հունգարա-աատրպէյճանական հանրայայտ գայթակղութիւնը
քարոզչական պատերազմի մեկուսի օրինակ մը չէ։
Գուրգէն Մարգարեանի
տմարդի սպանութեան հետեւած խայտառակութենէն վաղը միայն աղօտ յիշատակն ու գերեզման մը
կրնայ մնալ Երեւանի մէջ, բայց Հոկտեմբերի սկիզբը միջազգային մամուլին մէջ արդէն լայն
արձագանգի արժանացող նոր խայտառակութեան իրեղէն ու կոթողական ապացոյցները արդէն իրենց
ամբողջ հասակով...խոյացած են Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնին մէջ։