Showing posts with label «Մեծ պազար». Show all posts
Showing posts with label «Մեծ պազար». Show all posts

15.1.16

«Մեծ պազար» նուագախումբը՝ հայկական ինքնութեան ուժական հայեացք մը

30-ամեայ Վահան Քերովբեան երաժիշտ է «Մեծ պազար» նուագախումբին  մէջ: Հիմնուած 2012-ին, այս նուագախումբը կը բաղկանայ տարբեր ազգերու պատկանող (ֆրանսացի, հայ, թուրք, ամերիկացի) ութ երաժիշտներէ, որոնք կը մեկնաբանեն աւանդական երաժշտութիւն եւ կը նուագեն իրենց իւրայատուկ անձնական ստեղծագործութիւնները: Այս հարցազրոյցին մէջ, Վահան Քերովբեան կ՚անդրադառնայ Թուրքիա եւ Հայաստան կատարած իր տարբեր ճամբորդութիւններուն եւ կ՚արտայայտէ իր զզացումները այդ երկու երկիրներուն մէջ ապրող հայերուն, ինչպէս նաեւ թրքական քաղաքացիական ընկերութեան նկատմամբ: Ան նաեւ կը մեկնաբանէ «Մեծ պազար» նուագախումբին երգերուն բառերը եւ կարծիք կը յայտնէ Սփիւռքի մէջ եւ այլուր ապրող հայերու ապագային վերաբերեալ: Բաւական դրական խօսքեր, որոնք կը հակադրուին համայնքի մէկ մասին յոռետեսութեան, որ կը կարծէ թէ հայկական ինքնութիւնն ու մշակոյթը ընդմիշտ անհետանալու ճամբուն վրայ կը գտնուին: