Showing posts with label պատմական յուշարձաններ. Show all posts
Showing posts with label պատմական յուշարձաններ. Show all posts

22.4.14

Էրեբունիի ողբերգութիւնը


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ


Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան Յունուար 29ին լրագրողներուն յայտարարած է, թէ քաղաքապետարանը կը ծրագրէ «Էրեբունի» արգելոցթանգարանի բերդապարիսպի վերականգնումի աշխատանքներ իրականացնել՝ բարեկարգման եռամեայ ծրագրի ծիրին մէջ։ Կը ծրագրուի նաեւ «ստեղծել ամֆիթատրոն, որտեղ կը ներկայացուեն թանգարանի ցուցանմոյշները», ըսած է պաշտօնատարը, աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի սկսին այս տարի։ Պատասխանելով «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան հարցումին, Ա. Սուքիասեան նշած է. «Եռամեայ նախագծի համար յատկացուել է 300 միլիոն դրամ։ Մենք միաժամանակ յոյս ունենք, որ ծրագրով կը հետաքրքրուեն տարբեր ներդրողներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ»։

Մօտաւորապէս 730.000 տոլարի համարժէք այս գումարը քիչ մը աւելի է, քան քաղաքապետարանի ծախսած 200 միլիոն դրամը (մօտաւորապէս 490.000 տոլար) 2013ի «Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան, երբ քաղաքի հիմնադրութեան 2795ամեակը նշուած էր։ Վերջինս ալ հաւասար էր 2006-2013ին պետական պիւտճէի յատկացուցած տարեկան գումարին՝ Հայաստանի յուշարձաններու պահպանման եւ ամրակայման, որ 2014ին 235 միլիոն դրամի բարձրացած է։


19.12.12

Հայաստանը՝ «խորհրդային արդիապաշտութեան» եզակի խորհրդանիշ

Անցեալ Նոյեմբերին Վիեննայի Ճարտարապետական Կեդրոնին մէջ բացուած է «Խորհրդային արդիապաշտութիւն 1955-1991. Անյայտ պատմութիւններ» ցուցահանդէսը` նուիրուած խորհրդային ճարտարապետութեան մէջ արդիապաշտ միտումներու արտայայտութեան:
Ցուցահանդէսին յաջորդած է Վիեննայի 19-րդ ճարտարապետական համաժողովը` նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Համաժողովին Հայաստանի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցած է արուեստի քննադատ-համադրող Ռուբէն Արեւշատեանը, որ հետազօտական աշխատանքները սկսած է 2004 թուականին: