ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մինչ կը շարունակուի Հալէպի հետ կապ հաստատելու դժուարութիւնը, հասած
տեղեկութիւնները գլխաւորապէս կարճ դէպքերու բացատրութիւններ են աւելի շատ
քան պարագաներու ամբողջական պատկերացումներ:
Կ'ըսուի թէ քաղաքին մէջ սուր կերպով աճած են առեւանգումները, եւ գլխաւոր
դրդապատճառը փրկագիներու միջոցաւ նիւթական շահ ապահովել է: Այս միջոցին
ընդհանրապէս կը դիմեն խմբաւորումները երբ դրամական միջոցներու պակասը
ըլլայ, ինչ որ է պարագան Սուրիոյ մէջ յեղափոխականներու ըստ երեւոյթին:
Անշուշտ առեւանգումներէն զերծ չեն մնացած նաեւ հայեր, որոնք ճանչցուած են
իրենց նիւթական պարագաներու լաւ ըլլալով: Մէկ պարագայի փրկագին հաստատուած
էր երկու միլիոն սուրիական լիրա, որ համազօր է գրեթէ 30 հազար ամերիկեան տոլարի: