29.3.14

Թուրքիոյ հրետանին կրակ բացած է Սուրիոյ տարածքին վրայ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ նահանգի Եայլատաղ շրջանի դատարկ տարածքին մէջ սուրիական կողմէն արձակուած ռումբի պայթումին պատճառաբանութեամբ թրքական բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած է սուրիական տարածքին:
Եայլատաղի հակառակ կողմը` թուրք-սուրիական սահմանէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի հայաբնակ Քեսապ աւանը, որուն համար մարտերը կը շարունակուին:
Ըստ Ալեքսանտրէթի նահանգապետարանին հրապարակած տեղեկութեան, Մարտ 27ի երեկոյեան Սուրիոյ կողմէ արձակուած ռումբ մը պայթած է Թուրքիա գտնուող դատարկ հողատարածքին մէջ: Պայթումին պատճառով զոհեր կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն թրքական հրետանին գնդակոծած է Սուրիոյ տարածքը:
Լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը Մարտ 28ի հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձուցած է Քեսապի շրջակայքը եւ Քալատուրանի մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը, իսկ սուրիական օդուժը հարուածած է Քեսապի մօտ գտնուող Քոզ լերան եւ Խըրպեթ Սուլասի մէջ գտնուող մեծաթիւ զինեալներ:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Նիւ Եորքի մէջ թրքական բանակը ամբաստանեց Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով:
Ճակատամարտը կը շարունակուի, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանակից գիւղին մերձակայ շրջաններուն մէջ: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ զինեալները գիւղ ներխուժելէ անմիջապէս ետք քանդած են եկեղեցիներուն վրայ գտնուող խաչերը: Ժապհաթ Նուսրա յայտարարեց, որ Քեսապի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է իր մարտական ղեկավարներէն Ապտելռազաք Ապտելպաքին, որ ծանօթ է «Ապի Լէյլա» անունով:
Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ամրապնդած է 45-րդ կէտի, Էքիզօլուխի եւ Ժապալ Նըսրի մէջ գտնուող իր դիրքերը: Սուրիական օդուժի ռմբաձիգներ ռմբակոծած են զինեալներուն թրքական հողամասերուն կից գտնուող դիրքերը, իսկ թրքական ուժերը շարունակած են զինեալներուն գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել:

«Ազդակ», Մարտ 28 եւ 29, 2014

No comments:

Post a Comment