Վ. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բուն անունով Արշակ Գառնիկեան, ծնած է 1931-ին, Պէյրութ։ Ծնողքը ջարդերէն ազատած կը հաստատուին Պէյրութի Քարանդինա կոչուած աղքատիկ թաղամասը, որ մաս կը կազմէր հայկական քով-քովի բուսած թիթեղաշէն բանակավայրերու։ Այդ տարիներուն տարաբախտ հայութիւնը լծուած էր նոր գաղթաշխարհ մը կառուցելու աշխատանքին՝ եկեղեցի, դպրոց եւ արհեստանոցներ հիմնելով, վերապրելու համար նոր կեանքի պայմաններ ստեղծելու, նոր թափ տալու եկող սերունդներուն։ Այդ մթնոլորտին մէջ Արշակ հասակ առած է ու կազմաւորուած։
12 տարեկանին գծագրութեան արուեստի հանդէպ իւրայատուկ սէր ու կարողութիւն ցոյց կու տայ։ 17 տարեկանը բոլորած կը դադրեցնէ ուսումը՝ ընտանիքին ապրուստի պահանջները գոհացնելու նպատակով, կը նետուի ծանուցումներու գծագրութեան ասպարէզին մէջ։ Այդ տարիներէն սկսեալ անձնատուր կ՚ըլլայ ընթերցումներու ու հոգեկան ներաշխարհը կառուցելու աշխատանքին։
Յիսունական թուականներուն Պէյրութի հայկական գաղութին մէջ երաժշտական եւ թատերական կեանքը վերելք մը կ՚ապրէր։ Յաճախակի էին ներկայացումներն ու համերգները։ Յաճախ բեմական յարդարանքներու բաժինը կը յանձնուէր Արշակին, որոնցմէ կարելի է յիշել Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ու ներկայացումը (Ժորժ Սարգիսեանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ)։ Նոյն ժամանակաշրջանին շարք մը նկարչական գործեր, իւղանկարներ կ՚իրագործէ։ Անհրաժեշտ կը նկատէ նկարչական արուեստին մէջ իր զարգացումը, գաղափարի ու իրագործման ուսումնասիրութիւն կը դառնայ իր մտասեւեռման առարկան։
Արուեստի շրջանակի պակասը զգալով 1960ին կու գայ Ֆրանսա ու կը հաստատուի Փարիզ։ Աշխոյժ մթնոլորտի մէջ գտնուելով կը հակի այժմէական արուեստի հոսանքներէն՝ վերացական շարժումին։ Այդ կ՚ըլլայ իր նկարչական արուեստի արտայայտչական ուղին, ուր իր ինքնութիւնը կը կազմաւորուի ու կ՚ամրապնդուի նկարչական արուեստին եւ ազգային գործունէութիւններուն իրականցման մէջ։
1964ին Արշակ կ՚ամուսնանայ եւ ընտանիք կազմելով կ՚ունենայ մանչ զաւակ մը։
Իր արուեստին զուգահեռ բարեսէր քանի մը բարեկամներու հետ Փարիզի մէջ հայկական անկախ կեդրոնի մը հիմնադրութեան գաղափարաբանը կը հանդիսանայ։ Կը դառնայ ծրագիրին՝ նոր մշակութային կեդրոնի մը հիմնադրութեան ճարտարապետը։ Խումբ մը ընկերներով, 1967ին, կը հիմնէ «Եան՚ց»ը (Yan's club)։ Այնուհետեւ կը լծուի բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին՝ հողը պատրաստելով հայկական հասկացողութեամբ ազգագրական եւ մշակութային հիմնարկի մը ստեղծումին։
Արշակ անկաշառ եւ անաչառ սկզբունքի մարդ էր։ Ան երկու տասնեակ տարիներու գործունէութենէ ետք կը հեռանայ «Եան՚ց» հիմնարկի վարչութենէն ու կը նուիրուի միա՛յն նկարչութեան։ Ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան։ Կը հաւատայ միասնական աշխատանքին։ Կը գործակցի Վահէ Օշականի եւ ուրիշ բարեկամներու հետ։ Գեղարուեստի խմբակցութիւններ կը հիմնէ։
Հայաստանի անկախութենէն ետք կը նետուի նոր ծրագրի մը յղացման աշխատանքին՝ Հայաստանի մէջ հիմնել ստեղծագործ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու կեդրոն մը։ Բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարելով կը յաջողի հայաստանցի բարեկամներու հետ պաշտօնապէս հիմնել նոր հաստատութիւն մը, որուն իբր կեդրոնատեղի կ՚ընտրուի վայր մը Երեւանէն հեռու, խաղաղ բնութեան մէջ, որուն մասին Արշակ պիտի ըսէր՝ «գիւղը մտաւորականութեան եւ արուեստի»։ Դժբախտաբար ձգձգումներու պատճառով հիմնարկի կառուցումը մինչեւ այսօր չէ իրականացած եւ կը յուսանք որ սոյն ծրագիրը կը մարմնաւորուի եւ մոռացութեան չի մատնուիր։
Արշակ սնեցաւ միստիք հեղինակներու փիլիսոփայութեամբ, մասնաւորապէս Կիւրճիէֆի գաղափարապաշտութեամբ՝ հողը պատրաստել մարմնին մէջ, հայկական հոգեւոր մշակոյթին լոյսը սփռել ու ծառայել անոր։ Արշակի բազմակողմանի առաքելութիւններուն մէջ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին նկարչութիւնը մնաց տեւական եւ հիմնական հարցադրումի կորիզը։ Իր «հոգեւոր» հայրերը եղան Սէզան եւ Փիքասօ։
Առաջին շրջանի գործերը զարգացան քնարական վերացական աշխատանքին մէջ եւ իմացական ու ստեղծագործական կարողութիւնը զինք առաջնորդեց դէպի պարզացում՝ տարածքը կառուցելով յստակ գաղափարի մը շուրջ։ Մշակելով ու զարգացնելով իր ուղղութիւնը ան հասաւ նուաճումի մը՝ երկրաչափական ձեւերու մէջ ամփոփել իր ներաշխարհը։
Արշակ հեռու մնաց «սալոնային» ներկայացումներէ, կառչած որակաւոր ու անկեղծ արուեստագէտի պարտաւորութեան առջեւ։ Ան հաստատապէս համոզoւած էր որ միայն խմբային աշխատանքը կը բանայ նուաճումի նոր կարելիութիւններ։ Իրեն համար ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը միութեան մէջ կը կայանար։ Խմբային աշխատանքը Արշակին համար եղաւ նաեւ առաքելութիւն, հաւատամք։ Ամէն հանգրուան որ կը նուաճէր բաւարար չէր իրեն համար՝ պէտք էր աւելի՛ն։
Այս հարցերը Արշակին հետ խումբ մը արուեստագէտներու տեւական քննարկումներու շղթան կը հանդիսանային։ Ան չէր սիրեր լռել ու գովել, կը հարցապնդէր կը հարցաքննէր երբ խնդիր մը զինք դժուարին իրականութիւններու առջեւ կը դնէր։
Նկարիչը հանգիստ կեանք մը չունեցաւ։ Վերջին տարիներուն համեստ ու կիսամեկուսացած կեանք մը վարեց ան։ Հեռաձայնով կապ կը պահէր բարեկամներու հետ։ Երկարատեւ հիւանդութիւնը զինք գամած էր իր աշխատանոցին պատերուն։ Բարեկամական սեղմ շրջանակի հետ իր կապը միշտ մնաց անկեղծ։ Ապրիլեան օր մըն ալ հեռացաւ անդարձ ու անձայն։
Արշակ իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին Հայաստանէն բերած էր փոքրիկ նուէր մը՝ Մարտիրոս Սարեանի «Արուեստի մասին» գիրքը, ուր Սարեան կ՚ըսէ.- «Ամէն մի իսկական արուեստագէտ մեծ է այնքանով, որքանով կապուած է իր ժողովրդին, որքանով արտայայտում է նրա պատմութիւնն ու ոգին»։

«Նոր Յառաջ», Յունիս 21, 2014
No comments:
Post a Comment