Showing posts with label «Յովնանեան» վարժարան. Show all posts
Showing posts with label «Յովնանեան» վարժարան. Show all posts

12.10.13

Ռուդիկ Հարոյեանի յիշատակին

Ռուդիկ Հարոյեան, այնքան ալ ծանօթ անուն մը չէ սփիւռքահայութեան, թէեւ պէ՛տք է ըլլար։ Հոյակապ պարող, պարուսոյց եւ աւանդական պարերու հաւաքագրող, որ հակառակ Հայաստանի մէջ տարածուած «սովետակերտ» ժողովրդական պարի «անսաբլ»ներու աւանդոյթին, աւանդական երգարուեստը նորարարող՝ Հայրիկ Մուրատեանի հետեւողութեամբ վերագտաւ, վերարծարծեց, վերարժեւորեց, վերակենդանացուց հայկական աւանդական պարը՝ զայն զետեղելով հայկական տօներու պարունակին մէջ։