ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տարեփակը կատարելէ առաջ, իւրաքանչիւր Դեկտեմբերի կիսուն,
պատէն կախուած մեր հայկական օրացոյցները կը յուշեն մեզի «Ս.
Յակոբ»ը։
Դ. դարուն ապրած մեծանուն հոգեւորական մըն է Ս. Յակոբ,
սկզբնապէս՝ ճգնաւոր, յետոյ՝ եպիսկոպոս։ Ասորի Եկեղեցւոյ
պանծալի զաւակներէն մին է ան։ Իր ծննդավայրն ալ Մծբինն է, այժմու
Նուսայպինը, Անատոլուի հարաւ-արեւելեան կողմերը, սուրիական
սահմանին գրեթէ կից, Գամիշլի քաղաքին դիմաց։