Showing posts with label Յակոբ Մարթաեան. Show all posts
Showing posts with label Յակոբ Մարթաեան. Show all posts

27.2.14

Ս. Յակոբ Մծբնացիէն մինչեւ Յակոբ Տիլաչար (թրքահայ լեզուաբան ու համայնագէտ Յակոբ Մարթաեանի մահուան 35ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Տարեփա­կը կա­տարե­լէ առաջ, իւ­րա­քան­չիւր Դեկ­տեմբե­րի կի­սուն, պա­տէն կա­խուած մեր հայ­կա­կան օրա­ցոյցնե­րը կը յու­շեն մե­զի «Ս. Յա­կոբ»ը։
Դ. դա­րուն ապ­րած մե­ծանուն հո­գեւո­րական մըն է Ս. Յա­կոբ, սկզբնա­պէս՝ ճգնա­ւոր, յե­տոյ՝ եպիս­կո­պոս։ Ասո­րի Եկե­ղեց­ւոյ պան­ծա­լի զա­ւակ­նե­րէն մին է ան։ Իր ծննդա­վայրն ալ Մծբինն է, այժմու Նու­սայպի­նը, Անա­տոլուի հա­րաւ-արե­ւելեան կող­մե­րը, սու­րիական սահ­մա­նին գրե­թէ կից, Գա­միշ­լի քա­ղաքին դի­մաց։