Showing posts with label Նոր Գիւղ. Show all posts
Showing posts with label Նոր Գիւղ. Show all posts

21.9.14

Յո՞յս, թէ՞ ինքնախաբէութիւն

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մարդ արարածը դիւրին ձեւով չ՚ընդունիր եւ չի տանիր անյաջողութիւնը, ձախողութիւնը, դժբախտութիւնն ու փորձանքները եւ կը յուսայ, կ՚ակնկալէ աւելի լաւը, աւելի յաջողը, աւելի պայծառը: Կ՛ակնկալէ ու կը սպասէ: Սպասելով կ՛ապրի ու երբեմն ալ սպասելով կը մեռնի։
Ան իսկապէ՞ս կը հաւատայ, իսկապէս հաւատալո՞վ կ՚ընէ այդ, թէ՞ ինքնախաբէութեամբ պատրանքներով կը զինէ ինքզինք, պարզապէս որպէսզի անտանելին տանելի դարձնէ, թէ չէ կեանքը շարունակելը պիտի ըլլար անիմաստ քաշքշուք մը:

1.8.13

Հալէպի առօրեայի ժխտականներուն դրականները

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

— Շրջափակում է, պտուղ չկայ, կանաչեղէն չկայ, հետեւաբար նաեւ … աղբ չկայ, կամ՝ նուազ կայ:

— Հոսանք չկայ, հեռատեսիլ չկայ, համացանց չկայ: Մարդիկ վերագտան իրենց բարեկամները եւ զրուցելու սովորութիւնը:

— Մեր ապրածը կեանք չէ, սպասում մըն է, ուր ջղայնութիւնը արդիւնք չի տար: Բոլորս միասին (միաբերան պիտի ըսէի) համբերել սորվեցանք: