21.9.14

Յո՞յս, թէ՞ ինքնախաբէութիւն

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Մարդ արարածը դիւրին ձեւով չ՚ընդունիր եւ չի տանիր անյաջողութիւնը, ձախողութիւնը, դժբախտութիւնն ու փորձանքները եւ կը յուսայ, կ՚ակնկալէ աւելի լաւը, աւելի յաջողը, աւելի պայծառը: Կ՛ակնկալէ ու կը սպասէ: Սպասելով կ՛ապրի ու երբեմն ալ սպասելով կը մեռնի։
Ան իսկապէ՞ս կը հաւատայ, իսկապէս հաւատալո՞վ կ՚ընէ այդ, թէ՞ ինքնախաբէութեամբ պատրանքներով կը զինէ ինքզինք, պարզապէս որպէսզի անտանելին տանելի դարձնէ, թէ չէ կեանքը շարունակելը պիտի ըլլար անիմաստ քաշքշուք մը:
Չմտնենք հոգեբանութեան ոլորտները, նայինք մեր շուրջը ու արագ, յետադարձ ակնարկով փորձենք իրազեկ դառնալ մեր այսօրուան կացութեան:
Խօսինք Սփիւռքի մասին: Երբեւիցէ պատահա՞ծ է, որ բան մը կորսնցնելէ ետք վերագտնենք զայն. բան մը քանդուելէ ետք վերաշինենք, մեռածը վերակենդանացնենք. պատահա՞ծ է այսպիսի բան:
Պոլիսը՝ ԺԹ. դարու մեր երկրորդ Ոսկեդարի օրրանը գնաց անվերադարձ կերպով: Այսօրուան Պոլիսը նախկինը չէ ու չի կրնար ըլլալ: Թիֆլիսը, արեւելեան քոյրը Պոլսոյ, ան ալ գնաց: Իրանահայ գաղո՞ւթը, հոգ չէ թէ ան Սփիւռք չի նկատուիր, ի՞նչ մնաց անկէ: Հապա՞ Պէյրութը, որ ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ համայն Սփիւռքի ազգային թէ մշակութային կեդրոնն էր, ի՞նչ եղաւ: Այսօրուանը նախկինին շուքն է հազիւ:
Հերթը եկաւ Հալէպին: Ասիկա այլեւս անցեալի պատմութիւն չէ. Մեր այսօրն է ու մեր աչքերուն առջեւ քար առ քար կը փլի: Այլեւս գաղտնի բան չկայ, ոչ ալ թիւրիմացութեան առիթ կայ. կը տեսնենք, կը շօշափենք, կ՛ապրինք. մեր աչքերուն առջեւ կը կատարուի ամէն ինչ:
Առողջ, շենշող, ապրող մեր գաղութը բզկտուեցաւ: Հայ զոհերու մահազդները լեցուցին պատերը: Փակուեցան դպրոցներ, ակումբներ, քանդուեցան եկեղեցիներ, հաստատութիւններ, սեփական ձեռնարկութիւններ: Նոր Գիւղի կէսը փլատակ է, թալանուած ու ամայացած. գերեզմանատունը թեժ գիծի վրայ է. երկու տարիէ ի վեր նոյնիսկ մեռելները իրաւունք չունին իրենց վերջին հանգրուանը անոր պարիսպներէն ներս ունենալու, կը թաղուին ամայի վայր մը, իբր թէ ժամանակաւորապէս: Մեռելներն ալ կը պանդխտանան...
Անիմաստ է շարունակելը: Կացինահարուած է Հալէպը.
Յուսա՞լ որ կը վերագտնէ իր նախկին վիճակը: Ցնորատեսութի՞ւն:
Հակառակ ասոր, իսկապէս հաւատացողներ կան, որ Հալէպը պիտի փրկուի ու նոյնիսկ նախկինէն շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ:
Անյոյսները վերջակէտ դրին ու «նոր տող»ը սկսելու համար հեռացան, հեռացան անվերադարձ կերպով ու այրեցին վերադարձի իրենց նաւերը: Լաւատեսները մնացին կառչած իրենց հաւատքին ու յոյսին: Երրորդ տեսակը, միջինը երկու ծայրայեղութեանց, շատ չհեռացաւ, Լիբանան կամ Հայաստան, որպէսզի երբ կացութիւնը լաւանայ, շալկուին ետ գան:
Ահա ասոնց վիճակն է, որ ամենադժուարն է, օդին մէջ կախուած, ամէն օր սրտատրոփ լուրերուն կը հետեւին, կը լսեն, կը դիտեն, կը մեկնաբանեն, քիչ մը կ՛ուրախանան, քիչ մը կը տխրին, աչք մը կը նետեն դրամապանակին, կը խուսափին իրենց վրայ կեդրոնացած ընտանիքի անդամներուն աչքերուն մէջ նայելու, ապա օրացոյցին վրայ գիծ մըն ալ քաշելով, ակողին կ՛երթան ու... Տէր Աստուած, վերջ մը պիտի ունենա՞յ այս տառապանքը:
Չէ, այս պարագային «Ոսկի միջին»ը ժանգոտած երկաթի արժէք ունի:

«Ազգ», Սեպտեմբեր 19, 2014

No comments:

Post a Comment