ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Դէմքեր չեն պակսիր
Ի. դարու մեր պատմութեան մէջ, որոնք յաճախ միայն անուն մը, լուսանկար մը կամ դիպուածական
նշումի առարկայ մըն են սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Արդեօք չափազանցութի՞ւն
մըն է ըսել, թէ Յովհաննէս Քաջազնունի, դժբախտաբար, այդ դէմքերուն շարքին կը պատկանի։
Դժբախտաբար կ՚ըսենք,
որովհետեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետին անունը պէտք է հաւաքական
գիտակցութեան մէջ աւելի վառ տեղ մը գրաւէր, համարժէք՝ օրինակ, Միացեալ Նահանգներու
կամ Ֆրանսայի արդի պետականութեան հիմնադիրներուն։ Ներկայ ժամանակներուն, երբ վարչապետներու
անկերպարան գործունէութիւնը խնամիական կապերով եւ վիթխարածաւալ մահարձաններով «կ՚անմահանայ»,
Քաջազնունի քաղաքական գործիչի ու մտաւորականի կերպարը արժանի է աւելի մնայուն տեղ մը
ունենալու։