«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքին սպառնալիք ներկայացնող որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն գոյութիւն չունի: «Արմենփրէս»ի հետ զրոյցին այս մասին հաւաստիացուց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը` մեկնաբանելով Համացանցին մէջ տարածուած այն յայտարարութիւնը, որ իբր, Սուրիոյ «Յեղափոխութեան Գերագոյն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը կը սպառնայ սուրիահայ համայնքը` Պաշար ալ Ասատի իշխանութեան պաշտպանելու համար: