Showing posts with label «Յեղափոխութեան Գերագոյն Խորհուրդ». Show all posts
Showing posts with label «Յեղափոխութեան Գերագոյն Խորհուրդ». Show all posts

25.8.12

Ընդդիմադիրները սպառնացած են կառավարամէտ հայ զինեալներու եւ ոչ թէ սուրիահայ համայնքին

Հայրենի բազմաթիւ լրատուամիջոցներ Ուրբաթ, Օգոստոս 24ի առաւօտէն կ՚ահազանգէին, թէ Սուրիոյ  «Յեղափոխութեան Գերագույն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը սպառնալից յայտարարութիւններ ուղղած էր հայ համայնքին` Պաշար ալ Ասատի իշխանութիւնը պաշտպանելու համար:
Արդէն Բերիոյ թեմի Առաջնորդարանի խօսնակը՝ Ժիրայր Ռէիսեան, հարցականի տակ դրած էր նման լուրերու վաւերականութիւնը։

24.8.12

Սուրիոյ համայնքին նպատակը խաղաղութեան վերահաստատումն է երկրին մէջ

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»
 

Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ հայկական համայնքին սպառնալիք ներկայացնող որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն գոյութիւն չունի: «Արմենփրէս»ի հետ զրոյցին այս մասին հաւաստիացուց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէիսեանը` մեկնաբանելով Համացանցին մէջ տարածուած այն յայտարարութիւնը, որ իբր, Սուրիոյ «Յեղափոխութեան Գերագոյն Խորհուրդ» կոչուած կառոյցը կը սպառնայ սուրիահայ համայնքը` Պաշար ալ Ասատի իշխանութեան պաշտպանելու համար: