ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գերմանացի պատմաբան Էլքը Հարթմանի մայրը հայ է: Անոր
ուսումնասիրութիւններուն գլխաւոր առանցքը Օսմանեան կայսրութեան վերջին
շրջանի հատուածն է: Ան մասնագիտութեամբ իսլամագէտ-օսմանագէտ է եւ ուսանած է
Պերլինի համալսարանի Իսլամագիտութեան հիմնարկին մէջ, ապա պաշտօնավարած
այնտեղ` 2003-2008 շրջանին, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի իր տոքթորական
աւարտաճառին վրայ որ կը կրէ «Զինուորագրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»
խորագիրը: Էլքը Հարթմանն իր ամուսնոյն՝ Վահէ Թաշճեանի հետ, 2010 թուականին հիմնած է «Յուշամատեան» կայքը:
Հարթմանն յառաջիկայ Ապրիլէն մինչեւ Յուլիս որպէս այցելու դասախօս պիտի
դասաւանդէ Գերմանիոյ Halle-ի համալսարանին մէջ նիւթ ունենալով՝ «Օսմանեան
կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքները» թեման: