Showing posts with label Արտօ Չաքմաքչեան. Show all posts
Showing posts with label Արտօ Չաքմաքչեան. Show all posts

12.6.13

Փողոց մը՝ Կոստան Զարեանի անունով

Այս բաց նամակը, որ լոյս տեսած է «Ազգ» օրաթերթին մէջ, ըստ խմբագրութեան հաւաստիացումին ստորագրուած է երկու տասնեակ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու կողմէ։ Սրտանց կը մաղթենք, որ այս դիմումը տեղ հասնի, թէեւ ցաւով պէտք է յայտնել, որ խորհրդային վարչակարգի փլուզումէն աւելի քան քսան տարի ետք ,երբ Կոստան Զարեանի գրականութեան «վերադարձը» արդէն լիարժէք փաստ է, տակաւին անհրաժեշտ է «դիմում» ընել, որպէսզի հայ գրականութեան կարկառուն դէմքերէն մէկը մեծարուի «մեծ գրողին վայել» փողոցի մը անունով, երբ անոր անուանակից (ու գրականօրէն քանիցս նուազ կարեւոր) Նայիրի Զարեանը ունի փողոց, դպրոց եւ յուշարձան, իսկ խորհրդային շրջանէն մեզի «ժառանգ» մնացած են երկու փողոցներ Բարբիւսի (Henri Barbusse) եւ Ֆուչիկի (Julius Fucik). այս երկու գրողներուն  հիմնական արժանիքը համայնավար եղած ըլլալն է (Ֆուչիկը գնդակահարուած է նացիներու կողմէ՝ Չեխիոյ մէջ, 1943ին), իսկ Պարպիւսի պարագային՝ «Կրակը» անունով հակապատերազմական վէպը հրատարակած ըլլալը 1916ին։ 2005ին Կոստան Զարեանի անունով մկրտուած թիւ 117 դպրոցը ցարդ անոր անունը յիշատակող միայկ հանրային վայրը կը մնայ Երեւանի մէջ։ Հետաքրքրասէրները կրնան կարդալ «Գրողների անունակոչումներով ցանկ»ը, որ կ՚ընդգրկէ բոլոր օտարազգի եւ հայ գրագէտները, որոնց անունով մկրտուած են դպրոցներ, դպրոցներ, յուշարձաններ կամ հաստատութիւններ (www.yerevan2012.org)։