ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
«Մենք, Զաւակներդ օգոստափառ,
Պիտի կերտենք Նո՜ր Արշալոյս»
Գեղեցիկ
նախաձեռնութիւնը առաւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը
յարգելու եւ յիշելու Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակ ու անմահանուն
գրողներէն ոմանց։ Այդ շարքին առաջինը եղաւ Դանիէլ Վարուժան։ Մայիս 29,
2015, Ուրբաթ երեկոյեան ԹՄՄի Նիւ Ճըրզիի կեդրոնը հաւաքուած էր մեր ծանօթ
գրասէր հասարակութիւնը։ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներու մէջ
կազմակերպուած նման լուրջ գրական երեկոյի մը ներկայ ըլլալու հաճոյքն էր որ
ըմբոշխնեցին այն ներկաները, որոնք տակաւին կ’ապրին մեր գրական արժէքներուն
մեծութեամբն ու ներշնչումովը։ Անոնք հասակ առած անոնց` Զօհրապի,
Վարուժանի, Սիամանթոյի, Սեւակի, Թլկատինցիի … գործերուն արժէքներովը
տակաւին կը մնան ամրօրէն կապուած արեւմտահայ այդ գրական աշխարհին հետ։