Showing posts with label «Հայռուսգազարդ». Show all posts
Showing posts with label «Հայռուսգազարդ». Show all posts

5.12.13

Փութինի Հայաստան այցը

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Շուրջ ամի­սէ մը ի վեր յայ­տա­րարուած թուակա­նին՝ Դեկ­տեմբեր 2ին, Վլատիմիր Փու­թին Հա­յաս­տան այ­ցե­լած է՝ հոծ պա­տուի­րակու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցութեամբ:
Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հը ան­մի­ջապէս Գիւմրի գա­ցած է, ուր իր պաշ­տօ­նակից Սերժ Սարգսեանի հետ մաս­նակցած է հայ-ռու­սա­կան միջշրջա­նային եր­րորդ հա­մաժո­ղովին: Իր խօս­քին մէջ նա­խագահ Սարգսեան կա­րեւոր նկա­տած է հայ-ռու­սա­կան դա­րաւոր բարեկա­մու­թիւնը՝ նշե­լով այն տնտե­սական առա­ւելու­թիւննե­րը, զորս Հա­յաս­տա­նին պի­տի ապա­հովէ Մաք­սա­յին Միու­թեան ան­դա­մակ­ցութիւ­նը: