21.6.13

Անտէր չեն մեր տղաքը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
 
 Գերմանացի վարչապետուհի Անժէլա Մէրքէլի հետ հանդիպումի մը ընթացքին «Էնթէկրասիոն եահ, ասիմիլասիոն նայն», ըսած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան։ Մէրքէլ, որպէս եւրոպացի, դժուարացած էր իր թուրք պաշտօնակցին մատնանշածը ընկալելու։ Մինչդեռ պարզ էր Էրտողանի խօսքը։ Ան յատկապէս օտար երկրի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն խորհուրդ կու տար ապրած երկրի պայմաններուն եւ կենցաղին ընտելանալ, բայց իրենց ինքնութիւնը պահել։
Մինչդեռ մենք՝ հայերս, փորձով գիտենք, թէ ընտելանալը շատ անգամ առիթ կրնայ տալ տուեալ երկրի մեծամասնութեան մէջ ձուլուելու։ Ահաւասիկ խոչընդոտ մը։ Ընտելանալէն խուսափելով, կը դատապարտուինք կեթթոյացած, ընկերային կեանքէն տարանջատուած եւ այդ բոլորի հետեւանքով ալ յետամնաց ապրելակերպի մը։ Մինչեւ նախորդ դարու սկզբնական տարիներուն, այսպիսի հաւաքականութեան օրինակ էին Իսթանպուլի հրեաները։ Անոնք իրենց յատկանիշները պահելու համար կը մերժէին սորվիլ թրքերէնի կամ ֆրանսերէնի նման օտար լեզուներ։ Կը մերժէին հագուիլ նորաձեւութեան թելադրած կերպով։ Նոյնիսկ կը մերժէին ուրիշներու օգտագործած սննթամթերքը։ Այս բոլորով ալ կը վերածուէին Օսմանեան երկրի ամենանախնական, ամենայետամնաց հաւաքականութեան։ Անոնք յատկապէս վերջին 50-60 տարիներու քաղաքական եւ ընկերային հրամայականներու պարտադրութեամբ հրաժարեցան իրենց հին սովորութիւններէն եւ այժմ քաղաքի հրեաները կը կազմեն երկրի բարեկեցիկ հատուածը։ Դժուար է իրենց մօտ հանդիպիլ հացակարօտ թշուառի։ Սակայն այս ընթացքին մէջ Թուրքիոյ հրեաները կորսնցուցին ուրիշ արժանիքներ։ Ներկայ դրութեամբ դժուար է ազգային եւ կրօնական բնոյթով աւանդական անուն մը կրող հրեայ պատանիի հանդիպիլ։ Նոյնպէս զգալիօրէն նուազած է միայն սաֆարատ հրեաներու յատուկ յուտէօ էսփանիոլ լեզուն խօսողներու թիւը։ Յայտնի է որ շուտով այդ ուրոյն բարբառն ալ կ՚երթայ կ՚ոյնայ կորսուած լեզուներու տոպրակին մէջ։
Եկէ՛ք, մենք մեր բուրդը ներկենք։
1915-ի հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հայրենի երկիրը, ցիրուցան եղաւ աշխարհի տարածքին։ Այդ ցրուածներուն համար ցեղասանութեան յաջորդող տարիներու գլխաւոր հրամայականն էր չկորչիլ օտարութեան մէջ։ Յաջորդող սերունդը ջանաց ընտելանալ այդ օտար երկրի կարգ ու սարքին։ Գոյամարտի այդ երկրորդ հանգրուանին է որ Ուիլիըմ Սարոյեան քաջաբար տիրապետեց անգլերէնի եւ դարձաւ արդի ամերիկեան նորավէպի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին (*)։ Նոյն տարիներուն Ֆրանսայի մէջ Միսաք Մանուշեան զաւթիչ թշնամիի հետ համագործակցող իշխանութեան դէմ բռնեց պատուաւոր ֆրանսացիներու հիմնած դիմադրութեան ճամբան եւ մարտիրոսացաւ Ֆրանսայի ազատութեան համար։ Նոյն շրջանին երիտասարդ Շառլ Ազնաւուր կը սկսէր բարձրանալ երգարուեստի այն աստիճանները, որոնց աւարտին պիտի տիրանար ֆրանսական շանսոնի լաւագոյն կատարողի գահին։ Այսինքն՝ այն ինչ որ ոմանք ստորագնահատութեամբ «հայկական լոպի» կը կոչեն, իրականութեան մէջ գոյացած է յամառ աշխատանքով, ճակտի քրտինքով կամ հերոսի արիւնով։ Անոր համար որ անարդարներու վարձկան ծերակուտականներով գոյացուցած լոպին անճարակ կը մնայ հայոց լոպիներուն դէմ։
Կէզի հրապարակի դիմադրութեան իր մասնակցութիւնը բերող հայերը ճիշդ ալ այս էոր կը փաստեն։ Հայը երկրի առժամեայ հիւրը չէ, այլ պահանջատէր հայրենակիցը, որ իր բաժինը ունի անարդարութեան դէմ բարձրացող դիմադրութեան մէջ։
 
«Ակօս», Յունիս 21, 2013
(*) Իրականութեան մէջ, Սարոյեան ծնած էր Ամերիկա՝ Մեծ Եղեռնէն առաջ, ուստի «օտար երկրի կարգ ու սարքին» ընտելանալու հարց չէր, ոչ ալ «քաջաբար» անգլերէնին տիրապետելու («Հայկականք»)։   

No comments:

Post a Comment