ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
Գերմանացի վարչապետուհի Անժէլա Մէրքէլի հետ հանդիպումի մը ընթացքին «Էնթէկրասիոն եահ, ասիմիլասիոն նայն», ըսած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան։ Մէրքէլ, որպէս եւրոպացի, դժուարացած էր իր թուրք պաշտօնակցին մատնանշածը ընկալելու։ Մինչդեռ պարզ էր Էրտողանի խօսքը։ Ան յատկապէս օտար երկրի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն խորհուրդ կու տար ապրած երկրի պայմաններուն եւ կենցաղին ընտելանալ, բայց իրենց ինքնութիւնը պահել։