Showing posts with label Ուիլիըմ Սարոյեան. Show all posts
Showing posts with label Ուիլիըմ Սարոյեան. Show all posts

21.6.13

Անտէր չեն մեր տղաքը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
 
 Գերմանացի վարչապետուհի Անժէլա Մէրքէլի հետ հանդիպումի մը ընթացքին «Էնթէկրասիոն եահ, ասիմիլասիոն նայն», ըսած էր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան։ Մէրքէլ, որպէս եւրոպացի, դժուարացած էր իր թուրք պաշտօնակցին մատնանշածը ընկալելու։ Մինչդեռ պարզ էր Էրտողանի խօսքը։ Ան յատկապէս օտար երկրի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն խորհուրդ կու տար ապրած երկրի պայմաններուն եւ կենցաղին ընտելանալ, բայց իրենց ինքնութիւնը պահել։

13.10.10

Հայը եւ հայը (The Armenian and the Armenian)

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Ուիլիըմ Սարոյեանի այս նշանաւոր ու բազմիցս արծարծուած պարբերութիւնները լոյս տեսած են  75 տարի առաջ, ամերիկահայ ծանօթ գրողին "Inhale and Exhale" հատորին "The Armenian and the Armenian" պատմուածքին մէջ (1935)։ Նկատի ունենալով, որ շատ տարածուած անգլերէն որմազդի մը մէջ այս խօսքերը կրճատուած ու նաեւ աղաւաղուած են, իսկ գիրքերու, թերթերու թէ Համացանցի մէջ շրջան ընող հայերէն թարգմանութիւնները երբեմն նոյն տեսակի կրճատումներու կամ աղաւաղումներու ենթարկուած են, որոշեցինք ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել այս նոր թարգմանութիւնը՝ բնագրային հարազատութեամբ։ Համեմատութեան համար, կու տանք նաեւ անգլերէն բնագիրը։ Կ՚արժէ նշել, որ պահած ենք "race" բառին գործածութիւնը («ցեղ»), որ Ի. դարու առաջին կէսին բնորոշ էր անգլերէնին ու հայերէնին՝ մերօրեայ «ազգ» կամ «ժողովուրդ» հասկացութիւններու փոխարէն։