Showing posts with label Սեւիլլա. Show all posts
Showing posts with label Սեւիլլա. Show all posts

15.5.11

Արմէն Օհանեանի սպանական յօդուածը Հոնտուրասի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
2007ին, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Արծուի Բախչինեանի եւ տողերս գրողի համահեղինակած հատորը՝ «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքն ու գործը»։
Գիրքը աշխոյժ հետաքրքրութիւն ստեղծեց թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ ընթերցողներու շրջանակին մէջ։ 1910-20ական թուականներուն եւրոպական բեմերուն վրայ իր տաղանդը ցուցադրած եւ գրական որոշակի համբաւի տիրացած Արմէն Օհանեանի (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1887-1976) անունը բոլորովին մոռցուած էր մեր օրերուն՝ նեղ մասնագիտական ծիրէն դուրս։

Իմ երազներուս Սպանիան

ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ (՚*)
Սպաներէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Եօթնամեայ երեխայ էի, երբ մանկական պատշաճեցումով «Տոն Քիշոթ Մանչացի»ն նուէր ստացայ։ Շատ ծիծաղած եմ կարդալով եւ դառնօրէն լացած՝ մահուան պատումին պատճառով։ Մինչ այդ, չէի նկատած, որ Սպանիոյ ամէն ինչ Կովկասին կը նմանի։ Իր չոր կամ լեռնային համայնապատկերները, կիզիչ արեւը, տիպարներն ու սովորութիւնները։
Աւելի ուշ, արդէն մեծցած, երբ Սպանիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարողացայ ուսումնասիրել, այս տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իմ մէջ։