Ֆրէզնոյի Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարը լոյս ընծայեց իր 16րդ հատորը՝ Վարդան Մատթէոսեանի եւ Արծուի Բախչինեանի «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’”)։