15.5.11

Արմէն Օհանեանի սպանական յօդուածը Հոնտուրասի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
2007ին, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Արծուի Բախչինեանի եւ տողերս գրողի համահեղինակած հատորը՝ «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքն ու գործը»։
Գիրքը աշխոյժ հետաքրքրութիւն ստեղծեց թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ ընթերցողներու շրջանակին մէջ։ 1910-20ական թուականներուն եւրոպական բեմերուն վրայ իր տաղանդը ցուցադրած եւ գրական որոշակի համբաւի տիրացած Արմէն Օհանեանի (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1887-1976) անունը բոլորովին մոռցուած էր մեր օրերուն՝ նեղ մասնագիտական ծիրէն դուրս։

Հրատարակութենէն առաջ հեղինակներս արդէն ծրագրած էինք նոյն հատորին անգլերէն տարբերակը համատեղ մշակել։ Վերջին երեք տարիներուն ձեռնարկելով այդ աշխատանքին, ի սկզբանէ զայն պատկերացուցած էինք քանի մը լրացումներով օժտուած թարգմանութեան տեսքով։ Սակայն, նորայայտ տուեալներու քանակն ու որակը՝ թէ՛ հայկական եւ թէ՛, մանաւանդ, օտարալեզու բազմապիսի տպագիր ու անտիպ աղբիւրներէ (ֆրանսերէնէն մինչեւ սպաներէնն ու անգլերէնը եւ գերմաներէնէն մինչեւ... փորթուկալերէնն ու հոլանտերէնը), փաստօրէն պարտադրած են ամբողջովին նոր աշխատութեան մը պատրաստութիւնը։ Արմէն Օհանեանը 20րդ դարու առաջին կէսի հայ եւ օտար պատմա-մշակութային մեծ շերտի մը առնչուած ու անոր ծիրին մէջ գործած է, ինչ որ յառաջ բերած է բազմաթիւ հետաքրքրական փոխառնչութիւններու բացայայտումը։ Հնարաւոր է, որ եթէ պայմանները ներեն, ապագային ձեռնարկենք հայերէն վերամշակեալ նոր հատորի մը։
Ա. Բախչինեանի հետ այս նոր հանգրուանի մեր հեռակայ պրպտումներուն ընթացքին, տողերս գրողը հետքը գտած էր լատինամերիկեան գրական թերթերու մատենագիտական ցուցակի մը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պարզել հայ գրականութենէն ցարդ բոլորովին անյայտ քանի մը թարգմանութիւններու գոյութիւնը՝ Փերուի, Վենեզուելայի եւ Գոլոմպիոյ հանդէսներու մէջ։ Այլ առիթով կը յուսանք մանրամասներ ներկայացնել այդ թարգմանութիւններուն մասին։ Անսպասելիօրէն, անոնց շարքին նշուած էր Արմէն Օհանեանի փորձագրութիւնը, որ հրատարակուած էր աւելի՛ քան չնաշխարհիկ տեղ մը (գէթ՝ հայ իրականութեան համար)՝ Հոնտուրասի մայրաքաղաք Թեկուսիկալփայի մէջ 1913-1923ին եւ 1926ին լոյս տեսած “Ateneo de Honduras” ամսագրին մէջ, որ երկրի գրական առաջատար թերթերէն մէկն էր (խմբագիր՝ Ֆրոյլան Թուրսիոս, 1874-1943)։ Այդ հանդէսին 1922-1923 թուականներուն հազուագիւտ հաւաքածոն, բաւական փխրուն վիճակի մէջ (թուղթի որակին պատճառով), պահպանուած է Նիւ Եորքի հռչակաւոր Հանրային Գրադարանին մէջ։ Մեր բախտէն, այդ տարիներուն լոյս տեսած էր Օհանեանի յօդուածը։
Առայժմ կարելի չէ ճշգրտօրէն պարզել, թէ ինչպէ՞ս այդ յօդուածը հասած ու տեղ գտած է Կեդրոնական Ամերիկայի այդ հեռաւոր երկրին՝ Հոնտուրասի թերթին մէջ։ Խմբագիրը 1918ին իր երկրին հիւպատոսն էր Փարիզի մէջ եւ բացառուած չէ, որ Օ՚հանեանին ծանօթացած ըլլայ՝ ուղղակի թէ երկրորդ ամուսնոյն՝ մեքսիքացի դիւանագէտ Մասետոնիօ Կարզայի միջոցով։
Փարիզաբնակ Արմէն Օհանեանը առաջին անգամ 1921ին ելոյթներ ունեցած էր Մատրիտի մէջ։ Նոյն տարին իր առաջին ֆրանսերէն գիրքին՝ «Շամախեցի պարուհին»ի Մ. Կարզայի սպաներէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր սպանական մայրաքաղաքին մէջ։ Կարզայի ընկերակցութեամբ իր կեցութեան ընթացքին, ան կ՚աշխատէր աւարտել իր ֆրանսերէն երկրորդ գիրքը՝ «Քաղաքակրթութեան ճիրաններուն մէջ», որ լոյս տեսած է նոյն տարին Փարիզի մէջ եւ ուր կան ակնարկներ Սպանիա այցին մասին։ 1922ին ամուսնանալէ ետք, նոյն տարուան վերջաւորութեան ամոլը կրկին այցելած է Սպանիա, ուր պարուհին ելոյթներ ունեցած է Սեւիլլայի մէջ (թերեւս նաեւ այլուր)։ Օհանեան ու Կարզա այնուհետեւ մեկնած են Նոր Աշխարհ, նախ՝ Նիւ Եորք ու ապա՝ Մեքսիքօ։ Մարտ-Ապրիլ 1923ին Օհանեան համերգներ տուած է Մեքսիքօ Սիթիի մէջ, իսկ այդ միջոցին, «Աթէնէօ տէ Հոնտուրաս»ի Ապրիլ 1923ի թիւին մէջ (էջ 1751-1753) լոյս տեսած են Հոկտեմբեր 1922ին գրի առնուած անոր սպանական տպաւորութիւնները՝ “La España de mis sueños” խորագրով։ (1930ական թուականներուն, ուրիշ նշանաւոր շամախեցի մը՝ Կոստան Զարեանը, հայ ընթերցողին պիտի հրամցնէր Սպանիոյ ամբողջական բնութագիրը՝ «Երկիրներ եւ աստուածներ» շարքի «Սպանիա» հատորով)։ Թէեւ նշում չկայ, կ՚ենթադրենք, որ հեղինակը յօդուածը ֆրանսերէնով գրած է, իսկ Մ. Կարզա (կամ ամսագրին խմբագրութիւնը) այնուհետեւ զայն թարգմանած՝ սպաներէնի։ Փաստ չունինք, որ 1920ական թուականներուն Օհանեան գրաւոր սպաներէնին տիրապետած ըլլայ, ինչպէս պիտի սկսէր բացայայտել 1930ական թուականներուն Մեքսիքօ հաստատուելէ ետք։
Ստորեւ ընթերցողին ուշադրութեան թարգմանաբար կը ներկայացնենք  Օհանեանի յօդուածը, ուր չեն պակսիր վիճելի (հմմտ. երկու միլիոն հոգիի եղեռնը որպէս հետեւանք հայոց մասնակցութեան Ա. Աշխարհամարտին) ու հետաքրքրական ընդհանրացումներ։ Արդարեւ, կը պարզուի, որ 1960ական թուականներուն «Սասնայ ծռեր»ու անգլերէն թարգմանութեան յառաջաբանին մէջ Լեւոն Սիւրմէլեանի բանաձեւած այն տեսակէտը, թէ «Հայաստանը ազգերու Տոն Քիշոթն է», արդէն իր նախադէպը գտած էր քառասուն տարի առաջ՝ Օհանեանի գրիչով։ Բնականաբար, Սիւրմէլեանին չէր կրնար յայտնի ըլլալ Կեդրոնական Ամերիկայի կորսուած ամսագրի մը մէջ ու իրեն անծանօթ լեզուով լոյս տեսած Օհանեանի գրութիւնը։ Սակայն, մտածողութեան հանգիտութիւնը նշանակալից է։

«Ազգ-Մշակոյթ» (2009)

No comments:

Post a Comment