Showing posts with label Մատրիտ. Show all posts
Showing posts with label Մատրիտ. Show all posts

2.12.14

Հարցազրոյց Սպանիոյ եւ Փորթուկալի Հայրապետական Պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն վրդ. Զմրուխտեանի հետ

Լիզ­պո­նի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ Հոկտեմբերին կազմակերպուած մշա­կոյ­թի շաբ­թո­ւան ձեռ­նարկնե­րուն հրա­ւիրո­ւած էր նաեւ Սպանիոյ եւ Փոր­թուկա­լի Հայ­րա­պետա­կան Պա­տուի­րակի ընդհա­նուր փո­խանորդ Սա­սուն վրդ. Զմրուխտեանը։ «Նոր Յառաջ»ի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին, ան անդրա­դար­ձաւ Փոր­թուկա­լի մէջ եկե­ղեցա­կան ծուխ կազ­մե­լու գործընթա­ցին եւ տե­ղեկու­թիւններ փոխանցեց Սպա­նիոյ գա­ղու­թին եկե­ղեցա­կան ու հա­մայնքա­յին կեան­քին մասին։

15.5.11

Իմ երազներուս Սպանիան

ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ (՚*)
Սպաներէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Եօթնամեայ երեխայ էի, երբ մանկական պատշաճեցումով «Տոն Քիշոթ Մանչացի»ն նուէր ստացայ։ Շատ ծիծաղած եմ կարդալով եւ դառնօրէն լացած՝ մահուան պատումին պատճառով։ Մինչ այդ, չէի նկատած, որ Սպանիոյ ամէն ինչ Կովկասին կը նմանի։ Իր չոր կամ լեռնային համայնապատկերները, կիզիչ արեւը, տիպարներն ու սովորութիւնները։
Աւելի ուշ, արդէն մեծցած, երբ Սպանիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարողացայ ուսումնասիրել, այս տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իմ մէջ։