Showing posts with label Պուրկոս. Show all posts
Showing posts with label Պուրկոս. Show all posts

15.5.11

Իմ երազներուս Սպանիան

ԱՐՄԷՆ ՕՀԱՆԵԱՆ (՚*)
Սպաներէնէ թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Եօթնամեայ երեխայ էի, երբ մանկական պատշաճեցումով «Տոն Քիշոթ Մանչացի»ն նուէր ստացայ։ Շատ ծիծաղած եմ կարդալով եւ դառնօրէն լացած՝ մահուան պատումին պատճառով։ Մինչ այդ, չէի նկատած, որ Սպանիոյ ամէն ինչ Կովկասին կը նմանի։ Իր չոր կամ լեռնային համայնապատկերները, կիզիչ արեւը, տիպարներն ու սովորութիւնները։
Աւելի ուշ, արդէն մեծցած, երբ Սպանիոյ պատմութիւնն ու գրականութիւնը կարողացայ ուսումնասիրել, այս տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իմ մէջ։