Լիզպոնի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ Հոկտեմբերին կազմակերպուած մշակոյթի շաբթուան ձեռնարկներուն հրաւիրուած էր նաեւ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի Հայրապետական Պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն վրդ. Զմրուխտեանը։ «Նոր Յառաջ»ի հետ տեսակցութեան մը ընթացքին, ան անդրադարձաւ Փորթուկալի մէջ եկեղեցական ծուխ կազմելու գործընթացին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սպանիոյ գաղութին եկեղեցական ու համայնքային կեանքին մասին։
«Նոր Յառաջ» - Ի՞նչ կ՚ըսէիք Փորթուկալի հովուական ծուխին մասին։ Ի՞նչ հունի մէջ կը գտնուին աշխատանքները։
Սասուն Վրդ. Զմրուխտեան - Ծուխ մը ունենալու համար նախ պէտք է պետութենէն արտօնութիւն ստանալ եւ պաշտօնապէս արձանագրուելէ ետք կարելի կ՚ըլլայ առաքելական գործունէութիւն ծաւալել։ Նման աշխատանք տարած ենք Սպանիոյ մէջ 2001-2003 տարիներուն։ Արդ պիտի ձեռնարկենք նաեւ Փորթուկալի գաղութին հայերուն անունը ցանկագրելու գործին, որպէսզի հաղորդակցական կապ հաստատուի իւրաքանչիւրին հետ։ Կ՚ուզենք նաեւ հայաշատ թաղամասի մը եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն կատարել, որպէսզի պետութիւնը անդրադառնայ որ գաղութը իրապէս կարիք ունի ծուխի մը։ Ճիշդ է, որ ես անձամբ հարկ եղած պարագային (պսակ, հոգեհանգիստ, մկրտութիւն, եւայլն) Սպանիայէն կու գամ եւ կ՚ապահովեմ եկեղեցական արարողակարգը, սակայն աւելի լաւ է որ ամէն բան օրինաւոր ըլլայ։
«ՆՅ» - Քանի՞ տարի է որ Սպանիոյ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը կը վարէք։
Ս.Վ.Զ. - Արդէն չորս տարի է որ Հայրապետական Պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին կոչուած եմ։ Նախ ըսեմ, թէ այս երկու գաղութներն ալ հին անցեալ չունին եւ նորակազմ համայնքներ են։ Հայաստանի անկախութենէն յետոյ հայեր սկսան գաղթել այս երկիրները, ուր օտարներու համար համեմատաբար կեցութեան յարմար պայմաններ հաստատուած են։ Օրինակ՝ Սպանիոյ մէջ կարելի է երեք տարի ոչ-օրինական ապրելէ ետք կեցութեան արտօնագիր ստանալու դիմում կատարել։ Կը յիշեմ, որ այն տարիներուն Սպանիոյ թագաւորը իր երկու թոռնիկներուն ծնունդին առթիւ օտարահպատակներուն ընդհանուր ներում շնորհելով պաշտօնապէս կեցութեան արտօնութիւն տուաւ, որմէ բնականաբար օգտուեցան նաեւ Հայերը։
«ՆՅ» - Որքա՞ն է Սպանիոյ գաղութին անդամներուն թիւը։
Ս.Վ.Զ. - Ըստ Հայաստանի դեսպանատան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ 35էն 40 հազար հայեր կ՚ապրին։ Յիշեցնենք, որ դեսպանատունը հաստատուած է 2010ին։
«ՆՅ» - Ո՞ր քաղաքներուն մէջ աւելի կեդրոնացած են Հայերը։
Ս.Վ.Զ. - Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենսիա քաղաքներուն մէջ գրեթէ հաւասար թիւով Հայեր կը բնակին։ Բայց նաեւ հայ համայնքներ կան ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս՝ Մալակա, Մարպելլա, կամ Անտալուզիա՝ Սեվիլլա, Կրանատա եւ այլուր։
«ՆՅ» - Անոնք ի՞նչ զբաղումներ ունին։
Ս.Վ.Զ. - Մեծ մասամբ բանուորական կամ շինարարական աշխատանքով զբաղած են։ Բայց ունինք նաեւ արուեստագէտներ, երաժիշտներ, որոնք Մատրիտ եւ Պարսելոնա կամ Վալենսիա կը բնակին։
«ՆՅ» - Գաղութը հայկական եկեղեցի ունի՞։
Ս.Վ.Զ. - Ո՛չ։ Իբրեւ շէնք եկեղեցի չունինք, սակայն ժամանակաւոր ծխական խորհուրդներ ունինք մեծ քաղաքներուն մէջ, ուր կը գործեն նաեւ հայկական միօրեայ վարժարաններ։
«ՆՅ» - Ինչպէ՞ս կը կառավարուի համայնքը։
Ս.Վ.Զ. - Հայաստանէն արտագաղթողներուն մեծ թիւին պատճառով գաղութը նոր դիմագիծ մը ստացած է։ Մօտ անցեալին գործող աւանդական կառոյցները այսօր մեծ մասամբ փոխարինուած են զանազան փոքր միութիւններով կամ ընկերակցութիւններով, որոնք երբեմն միայն քանի մը անդամ ունին։ Միակ կազմակերպուած կառոյցը եկեղեցին է, որ մեծ թիւով հետեւորդներ ունի։
«ՆՅ» - Գաղութը ապագայի ի՞նչ հեռանկարներ ունի։ Ինչպիսի՞ համայնքային կեանք կը վարէ։
Ս.Վ.Զ. - Դժբախտաբար գործազուրկներուն թիւը շատ մեծ է եւ ընդհակառակն՝ մնայուն աշխատանք ունեցողները սակաւաթիւ են։ Ծանօթ պատճառներով մեծ է թիւը նաեւ խառն ամուսնութիւններուն, անշուշտ բացառութիւնները յարգելի են։
Բարեբախտաբար, սերունդ մը կը ծնի եւ սերունդ մը կը մեծնայ, որ դպրոց ու համալսարան կ՚երթայ (որոնց մէկ մասին կրթաթոշակը «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը յանձն առած է)։ Այդ սերունդը լաւ ապագայ կը խոստանայ եւ ես լաւատես եմ։ Հոս կ՚ուզեմ առիթէն օգտուելով շեշտել, թէ Հայաստանէն բացի, պէտք է հոգ տանիլ նաեւ Սփիւռքի ապագայի մասին։ Արտագաղթի պատճառով մեծաթիւ նոր Սփիւռք մը գոյացած է, որուն նկատմամբ ընդհանուր անտարբերութիւն մը կը տիրէ։ Յիշենք՝ Սերպիան, Սպանիան, Փորթուկալը, Հոլանտան, ուր հայաստանցիներէ կազմուած նոր Սփիւռքը ցաք ու ցրիւ կերպով կը յարատեւէ։ Անոնց տէր պէտք է կանգնիլ, որոնք ի միջի այլոց վարժուած չեն համայնքային կեանքին եւ ամէն ոք իր գլխուն ճարին կը նայի։
«Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 29, 2014
No comments:
Post a Comment