Showing posts with label «Նոր Յառաջ». Show all posts
Showing posts with label «Նոր Յառաջ». Show all posts

7.7.20

Ռազմիկ Փանոսեան. «Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը»


ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան յայտարարեց, որ Սփիւռքը պէտք է ստանձնէ իր հարցերը լուծելու ղեկավարի պատասխանատուութիւնը։
Թագաժահրի շրջանին, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հանդէս եկաւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակն էր նպաստել Սփիւռքի կենսունակութեան։ Փանոսեանի պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր այս հաստատութիւնը արդէն ի յայտ կու գայ նոր տեսլականով մը՝ Սփիւռքի գոյատեւումը երաշխաւորելու ուղղուած որոնումներու ճանապարհին։ Վերջերս Ռազմիկ Փանոսեան հարցազրոյց մը տուաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

18.4.20

Պարտադիր մեկուսացումի շրջանին բարելաւեցէք ձեր հայերէնը


Մեկուսացումի այս շրջանին, երբ հեռակայ ուսուցման, ընթերցումի եւ ընդհանուր զարգացման զանազան ծրագրեր կը հրամցուին ամէնուրեք՝ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով շրջանառութեան մէջ դրուած մանկապատանեկան կայքէջերու ցանկ մը կը հրապարակենք, ուր ուսուցողական եւ ժամանցային տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ տրամադրելի են ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու համար, տան մէջ ժամանակը աւելի օգտակար ձեւով անցընելու նպատակով։

30.9.17

Նամակ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրութեան



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Յարգարժան խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի,
Հետաքրքրութեամբ կարդացի Ստեփան Պօղոսեանի «ազատ կարծիք»-ը («Նոր Յառաջ», 23 Սեպտեմբեր), որուն վերջին բաժինը յատկացուած էր նուաստիս վերջերս գրած յօդուածին՝ «Մեր հայրենիք»-ի մասին։ Տեղին կը նկատեմ կարգ մը լուսաբանութիւններ ընել.

27.10.16

7րդ տարեդարձին առթիւ. անդրադարձ

Ժ.Չ.
 
27 Հոկտեմբեր 2009-ին «Նոր Յառաջ» իր առաջին թիւը հրատարակեց։ 7 տարիներ անցան եւ շուտով 1000-րդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ։ Իսկ ֆրանսերէն յաւելուածը որ դարձաւ շաբաթաթերթ՝ իր 6-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ։

3.10.16

«Նոր Յառաջ»ի հարցազրոյցը Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ



ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ (*)
 

«Նոր Յառաջ» - Սուրիոյ ընդհանուր կացութեան մասին յաճախ «Գանձասար»-էն տեղեկութիւններ կը քաղենք՝ առանց անմիջական ուղղակի կապ հաստատելու։ Նախ անկեղծօրէն պէտք է ըսել, թէ զարմանալի է որ «Գանձասար»-ը Հալէպի մէջ տակաւին կը յարատեւէ եւ Սուրիոյ պատերազմի մասին օրը օրին լուրեր կը հաղորդէ սփիւռքահայ մամուլին։ Կ՚ուզէինք գիտնալ թէ ինչպէ՞ս կը գոյատեւէք, թերթին աշխատակազմը քանի՞ հոգիէ կազմուած է եւ անմիջական ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք։
Զարմիկ Պօղիկեան - Հակառակ այս դժուար պայմաններուն, Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր յանձնառու եղանք թերթը շարունակելու, որովհետեւ մամուլը կենդանի ուժ մըն է, որ մարդոց յոյս կու տայ, մանաւա՛նդ այսօր, մեր պարագային, երբ համացանցային ծառայութիւնը ընդհանրապէս խափանուած է։ Ժողովուրդը կը սպասէ հայկական աշխարհէն լուրերու, վերլուծութիւններու. ճիշդ այդ պատճառով ալ համայնքին համար թերթը կարծէք մխիթարական ազդակ մըն է, որուն անհամբեր կը սպասէ։ Մենք ալ մեր կարգին աւելի պատասխանատու կը զգանք շարունակելու այս գործը։ «Գանձասար»-ի խմբագրակազմը ընդամէնը տասը հոգիէ կը բաղկանայ եւ բոլորն ալ երիտասարդներ են։ Արդարեւ, պայմանները դժուար են, ապահովական կացութիւնը ծանր է…։ Մեր կեդրոնը երկու անգամ հրթիռակոծուեցաւ եւ երկու անգամուն ալ ստիպուած եղանք տեղափոխուիլ։ Վերջին անգամ ուղղակի մեր աշխատավայրի բոլոր ապակիները փշրուեցան այն ատեն երբ բոլորս կ՚աշխատէինք։ Սարսափահար դուրս վազեցինք եւ անմիջապէս փոխադրուեցանք «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տուն, ուր ալ մինչեւ կացութեան հանդարտիլը երկու-երեք ամիս աշխատեցանք։


«ՆՅ» - Ո՞ւր կը գտնուի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը եւ որո՞ւն կը պատկանի։
Զ.Պ. - Ան կը գտնուի Հալէպի «Վիլլաներ» թաղամասին մէջ։ Հոն հաստատուած են հայկական մշակութային կեդրոնները, ընկերային սրահները, ակումբները եւ 15 հազար գիրք պարունակող «Քրիստափոր Միքայէլեան» գրադարանը։ Տունը ՀՅԴ-ին կը պատկանի։ Հոս միջանկեալ ըսեմ, թէ Արամ Մանուկեան տունը պատերազմի ընթացքին հաւատարիմ իր կոչումին՝ վերածուեցաւ իրական ժողովրդային տունի, որովհետեւ բոլոր այն կեդրոնները, որոնք իրենց կառոյցներէն զրկուեցան եւ բախումնային գիծին վրայ յայտնուեցան, իրենց գործունէութիւնը այնտեղ շարունակեցին, թէկուզ նեղ սենեակներու մէջ։ Այլ խօսքով «Արամ Մանուկեան»-ը հիւրընկալեց բոլորը եւ նոյնիսկ պատսպարանի 22 սաները այնտեղ փոխադրուեցան, երբ պատասպարանը ռմբակոծուեցաւ։ Այդ տղաքը կեդրոնին «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահին մէջ համախմբուեցան, որ դադրեցնելով իր մշակութային գործունէութիւնը՝ վերածուեցաւ ապաստանի մը, ուր տղաները մօտաւորապէս մէկ տարի մնացին։

«ՆՅ» - Այսօր «Գանձասար»-ը ո՞ր թաղին մէջ կը գտնուի։
Զ.Պ. - Մենք արդէն վերադարձած ենք մեր կեդրոնը, որ կը գտնուի «Մուշիյէ» թաղամասին մէջ, բայց հիմա երկու յարկ վար իջած ենք եւ գրասենեակի մը մէջ համեմատաբար քիչ մը աւելի նեղ պայմաններու մէջ կ՚աշխատինք, բայց կարեւորն այն է, որ թերթը լոյս կը տեսնէ։

«ՆՅ» - Բայց երբ համացանցային կապ չկայ ուրկէ՞ կ՚առնէք լուրերը։
Զ.Պ. - Մենք ստիպուած յաւելեալ գումար յատկացնելով մասնաւոր յատուկ ընկերութիւններու լրատուական ծառայութիւններէն կ՚օգտուինք։ Անշուշտ, թուղթի դժուարութիւն ունինք եւ նկատի ունենալով որ Հալէպի մէջ թուղթ մատակարարող ընկերութիւն ալ չմնաց, մենք յաճախ սուղ գիներով Դամասկոսէն թուղթ կ՚ապսպրենք։ Ըսեմ, թէ «Գանձասար»-ը միակն է, որ Հալէպի մէջ կը տպագրուի եւ նոյնիսկ պետական թերթերը դադրեցուցած են իրենց հրատարակութիւնը (կը գործեն միա՛յն անոնց կայքէջային տարբերակները)։ Նկատի ունենալով, որ Հալէպահայութիւնը ընթերցանութիւնը սիրող համայնք մըն է եւ «Գանձասար»-ը կը փնտռէ, մենք կը տոկանք դժուարութիւններուն։

«ՆՅ» - Որքա՞ն է թերթին տպաքանակը։
Զ.Պ. - «Գանձասար»-ը այսօր շուրջ վեց հարիւր օրինակով լոյս կը տեսնէ (նախքան պատերազմը տպաքանակը 1.200 էր)։ Անշուշտ մաս մը անվճար կը բաժնենք միութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ մաս մըն ալ վճարովի է, բայց շատ չնչին գինով։ Աւելցնեմ, թէ նախքան պատերազմը մենք արտասահման՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն եւ Հայաստան ալ կ՚առաքէինք թերթը, բայց ներկայիս երթեւեկութիւնը դժուար ըլլալով այդ հնարաւորութիւնը չունինք։
Միւս կողմէ, երբեմն մեր անձնակազմէն ոմանք կը ճամբորդեն եւ ստիպուած նոր մէկը պէտք է գտնել եւ գործին վարժեցնել։ Ըսել կ՚ուզեմ թէ բազմակողմանի դժուարութիւններ կան բայց մենք սիրով յառաջ կը տանինք մեր աշխատանքը։

«ՆՅ» - «Գանձասար»-ը յատկապէս ո՞ր տարիքի ընթերցողներուն ուղղուած է։
Զ.Պ. - Մեր ժողովուրդի բոլոր տարիքի զաւակներուն համապատասխան էջեր եւ բաժիններ ունինք։ Մանկապատանեկան «Կկու»-ն չորս էջերէ կազմուած յաւելուած մըն է, որ ամէն թիւի հետ լոյս կը տեսնէ՝ խաղերով, հէքեաթներով, պատմուածքներով։ Յաճախ մրցանակներ կը յայտարարենք՝ երեխաներու մօտ գրելու, շարադրութեան եւ ընթերցանութեան ձիրքերը զարգացնելու նպատակով։ Ըսեմ, թէ «Կկու»-ն միշտ փնտռուած ու սիրուած է փոքրերուն կողմէ։ Բացի ատկէ, թերթը ունի նաեւ քաղաքական, լրատուական, մարզական, կնոջական էջեր, խաղերու եւ խաչբառի յատուկ էջ մը՝ «Մտամարզանք» անունով։ Պարբերաբար կը հրատարակենք գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի նուիրուած էջ մը։ Յատուկ բաժին տրամադրուած է հայաստանեան եւ արցախեան լուրերուն՝ «Լուրեր հայաշխարհէն» ենթավերնագրով, իսկ «Գաղութէ գաղութ» վերնագրին տակ հայ գաղթօճախներուն վերաբերեալ լուրեր կը հրապարակենք։ Անշուշտ տեղական, թեմական եւ մշակութային լուրերը կ՚արտացոլան «Գանձասար»-ի մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւններու կամ հաղորդակցութիւններու միջոցաւ։

«ՆՅ» - Անցնող շուրջ հինգ տարիներուն ընթացքին տագնապի պատճառով տեղական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը հաւանաբար լրջօրէն խանգարուեցաւ։ Այդ երեւոյթը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ թերթին վրայ, նկատի ունենալով որ «Գանձասար»-ը համայնքային մամուլ մըն է։
Զ.Պ. - Ճիշդ է որ ներհամայնքային կեանքը որոշ չափով կորսնցուցած է իր նախկին թափը եւ թիւի ու որակի իմաստով նուազած են ձեռնարկները, բայց ատով հանդերձ պէտք է ըսել, որ մեր գաղութի միութիւններն ու կազմակերպութիւնները կը շարունակեն գործել՝ պարախումբեր, երգչախումբեր, գեղարուեստական ձեռնարկներ, դպրոցական հանդէսներ տեղի կ՚ունենան։ Հոս պէտք է ըսել, որ թէեւ աշակերտներուն թիւը նուազած է եւ անոնցմէ շուրջ հարիւրէն վաթսունը մեկնած է երկրէն, մանաւա՛նդ Հալէպէն, սակայն մշակութային կեանքը կը շարունակուի, եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուին, Ազգային իշխանութիւնը իր զանազան մարմիններով կը գործէ։ Հոս, առիթէն օգտուելով կ՚ուզեմ դէպք մը յիշել, որ երբեք պիտի չմոռնամ.- Ժամանակ մը առաջ շաբաթ մըն էր, որ Հալէպի սուրիական իշխանութեան տակ գտնուող բաժինը շրջափակուած էր զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ եւ նոյնիսկ սննդամթերք չէր հասներ ժողովուրդին, գումարած՝ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապը։ Շուկան պաս-պարապ էր։ Այդ շաբթուան ընթացքին «Համազգային»-ը ձեռնարկ մը կազմակերպեց եւ զայն անուանեց «Կեանքը կը շարունակուի Հալէպի մէջ»… Պէտք էր տեսնէիք այդ օրը հաւաքուած բազմութեան թիւը։ Ելոյթ ունեցան միութեան պարախումբն ու երգչախումբը՝ բարձրացնելով ժողովուրդին տրամադրութիւնը։ Շատ յուզիչ պատկեր մը բացուեցաւ մեր առջեւ։ Ամբողջ հալէպահայութիւնը ներկայ էր այդ սրահին մէջ…։

«ՆՅ» - Ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ Նոր Գիւղի մէջ ուր Հայերու կողքին կը բնակին Արաբներ եւ այլ ազգի ժողովուրդներ։ Արդեօք հոն մե՞ծ է գաղթողներու թիւը։
Զ.Պ. - Ընդհանրապէս ժողովուրդի տարբեր բաղադրամասերու մէջ գաղթողներու համեմատութիւնը մեծ է։ Միւս կողմէ, դրական երեւոյթը այն է, որ Հալէպի մէջ տարբեր ազգեր կողք-կողքի համերաշխ կ՚ապրին։ Պէտք է ըսել, որ այս պատերազմը արտասովոր բան մըն էր մեզի համար, որ կ՚ենթադրեմ՝ թէ դուրսէն դրդուած էր։ Սուրիոյ մէջ արդէն գոյութիւն ունէր շատ ծայրայեղ եւ գրեթէ անգրագէտ տարր մը, որ փոքրամասնութիւն կը կազմէր եւ նոյն այդ խաւին դրդումով է, որ այս ծայրայեղական շարժումը սկսաւ ու այլ ուղղութիւններով ընթացք առաւ։ Բայց այսօր Հայեր, քրիստոնեայ Արաբներ եւ իսլամ սիւննիներ կողք-կողքի կ՚ապրին։

«ՆՅ» - Ո՞վ կը հսկէ հայկական թաղամասերուն վրայ։
Զ.Պ. - Պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր հայ նուիրեալ տղաներ կամաւոր ստանձնած են հայկական կառոյցներու պաշտպանութիւնը։ Անոնք մարտերու չեն մասնակցիր եւ պարզապէս կը հսկեն որպէսզի «թափանցումներ» չըլլան, ապօրինի դէպքեր տեղի չունենան, ինչպէս՝ գողութիւն, թալան, եւայլն։ Մեր տղաքը գիշեր-ցերեկ հերթափոխութեամբ կը հսկեն հայկական թաղերու վրայ եւ նոյնիսկ պատերազմի ամենէն տաք պահերուն երբեք իրենց դիրքերը չլքեցին։ Անոնք նուիրումով կը ծառայեն։

«ՆՅ» - Գաղթող Հայերը արդեօք ծախա՞ծ են իրենց ունեցուածքը։
Զ.Պ. - Ո՛չ, պարզապէս գաղթած են եւ անոնցմէ շատեր Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած ցուցակներուն մէջ արձանագրած են, որ իրենց ունեցուածքը կը պատկանի Ազգային Առաջնորդարանին եւ համայնքին։ Այսինքն գաղթողներու բնակարաններուն վրայ այդպիսի արձանագրութեամբ թուղթ կը փակցնեն եւ անշուշտ այդ շինութիւններն ալ հսկողութեան տակ կ՚առնուին։ Պէտք է ըսել, որ մեր համայնքը տագնապի օրերուն ունեցաւ մարդկային կորուստներ, բնակարանային վնասներ, մօտաւորապէս հազարի հասնող գործատուներ քանդուեցան, ութ հարիւրի չափ ալ կիսաքանդ վիճակի մէջ յայտնուեցան, վնասուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ազգային այլ կառոյցներ։ Այս պայմաններուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ առաջին իսկ օրերուն կեանքի կոչուած «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը», որուն մաս կը կազմեն առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական երեք համայնքապետերը, ՀՅԴ, Հնչակեան եւ Ռամկավար երեք կուսակցութիւնները, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը եւ ՀԲԸՄ-ը։ Այս կազմակերպութիւնները ձեռք-ձեռքի եւ միասնաբար կ՚աշխատին եւ հետեւեալ բնագաւառներու մէջ ժողովուրդին ծառայութիւն կը մատուցանեն.-
- Կրթական մարզը։ Կրթաթոշակներ կը յատկացուին հայկական բոլոր դպրոցներուն, քանի որ ծնողներուն 90 առ հարիւրը վճարում կատարելու ի վիճակի չէ եւ տնտեսական ծանր կացութեան մէջ կը գտնուի։
- Այս Մարմինը նաեւ կը հոգայ բնակարանային վնասները, այսինքն գումար մը կը յատկացնէ վնասուած շէնքերը բնակելի դարձնելու համար։
- Առողջապահական մարզին կարիքներն ալ կը հոգայ։ Խնամք եւ օգնութիւն կը հասցնէ վիրաւորներուն։
- Կենցաղային օժանդակութիւններ։ Կարիքաւոր ժողովուրդին կը բաժնէ մէկ ամսուան համար բաւարար սննդակողովներ, իսկ ձմրան օրերուն նոյն Մարմինը երբեմն նաեւ վառելանիւթի դրամ կը տրամադրէ։
Այս Մարմինը համայն հայութեան օժանդակութիւններու միջոցաւ կը տնօրինէ իր ազգանպաստ գործունէութիւնը, այսինքն՝ Հայաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ հայաշատ գաղութներէն համայնքային օժանդակութիւններ կը ստանայ։ Յատկանշական են նաեւ ՀՕՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ եղած նուիրատւութիւնները։ Իսկ այս բոլորը Անթիլիասի միջոցաւ կը փոխանցուին վերոնշեալ շտապ օգնութեան Մարմինին։

«ՆՅ» - Պատերազմի շրջանին երբ աշխատանք չկայ բնականաբար եկամուտ ալ չի կրնար ըլլալ։ Հոն մնացողները ինչպէ՞ս կը հոգան իրենց կարիքները։
Զ.Պ. - Ըսեմ, որ այս պատերազմը աննախադէպ էր մեզի համար։ Անփորձ էինք։ Առաջին տարին մարդիկ իրենց խնայած դրամը օգտագործեցին, ենթադրելով որ իրավիճակը կրնայ կայունանալ։ Բայց երբ տեսան որ պատերազմը երկար պիտի տեւէ եւ կարելի չէ այսպէս շարունակել, շատեր սկսան իրենց արհեստը եւ աշխատանքի ձեւը փոխել։ Օրինակ՝ վաճառականը դարձաւ նպարավաճառ, մեծ խանութ ունեցող ոսկերիչը փոքրիկ կրպակի մը մէջ սկսաւ ծխախոտ ծախել, որպէսզի իր ընտանիքին ապրուստը հոգայ։

«ՆՅ» - Պատերազմի բերումով շատեր գաղթեցին Սուրիայէն եւ արտասահման մեկնեցան։ Իսկ ոմանք ալ համախմբուեցան Լաթաքիոյ շրջանը։ Ներկայիս հոն ի՞նչ թիւով հայութիւն կ՚ապրի։
Զ.Պ. - Այսօր Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի շրջաններուն մէջ - որ համեմատաբար աւելի ապահով է - մօտաւորապէս ինը-տասը հազար Հայեր կը բնակին՝ անցեալի եօթը հազարին փոխարէն։ 15-էն 17 հազար սուրիահայեր ալ մեկնած են Հայաստան ու հոն հաստատուած։ Անոնք աստիճանաբար սկսած են ընտելանալ հայրենի կեանքին։ Պէտք է ըսել, որ ազգային իշխանութիւնները կը քաջալերեն դէպի Հայրենիք ուղղութիւնը, ըսելով թէ օտար երկիրներու մէջ ուծացումը անխուսափելի է։

______
(*) Հարցազրոյցը կայացած է Թեհրանի մէջ, ուր «Ալիք»-ի 85-ամեակին առիթով համախմբուած էին աշխարհասփիւռ հայ մամուլի ներկայացուցիչները։

«Նոր Յառաջ», 1 Հոկտեմբեր 2016

1.11.13

«Նորավանք»ով թելադրուած խոհեր եւ Հոկտեմբեր 27ի յատկանշական թուականը

Ժ.Չ.

Մեր այս թիւով կը ներ­կա­յաց­նենք «Նո­րավանք» Գի­տակրթա­կան հիմ­նադրա­մի հայագիտական կեդ­րո­նէն, Վահ­րամ Հո­վեանի վեր­լուծու­մը Սփիւռքի վե­րաբե­րեալ, վերնագրուած՝ «Հայ­կա­կան Սփիւռքի փո­խակեր­պումը՝ մար­տահրա­ւէր­ներ եւ հնա­րաւո­րու­թիւններ»։
Որ­պէս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կա­ռավա­րու­թեան խորհրդա­տու ռազ­մա­վարա­կան գի­տահե­տազօ­տական կեդ­րոն, պէտք է յի­շել որ Սփիւռքի վե­րաբե­րեալ ՀՀ կառավարու­թեան քա­ղաքա­կան կարգ մը վեր­լուծումներն ու որ­դեգրած քա­ղաքա­կան ուղեգիծե­րը, իրենց ար­տա­յայ­տութիւնն ու գոր­ծադրու­թիւնը կը ստա­նան ուղղա­կի նշեալ կեդ­րո­նի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէն։ «Նոր Յա­ռաջ» ան­ցեալին անդրա­դար­ձած է անոր գործունէու­թեան, ար­տատպած՝ կարգ մը ու­սումնա­սիրու­թիւններ, որոնք հե­տաքրքրա­կան են ու լու­սա­բանող։

26.7.13

Ո՞վ տարածած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատասխանը

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Յուլիս 20ի մեր թիւին («ՆՅ»-533) մէջ հրապարակած էինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանին ուղղած Յուլիս 3 թուակիր պատասխան-նամակը։
Ստորեւ կը հրապարակենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի քարտուղարութենէն «Նոր Յառաջ»ին՝ «հրատարակութեան խնդրանքով» ուղղուած նամակը, ուր Վահրամ քհնյ. Մելիքեան կը յայտնէ, թէ Մայր Աթոռին կողմէ չէ կազմակերպուած այդ պատասխան-նամակին տարածումը, այլ՝ Ֆրանսայի թեմէն Նորվան Սրբազանի կամ Թեմական Խորհուրդի ատենապետին շրջանակէն։

7.7.13

Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականին շուրջ


Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի Յուլիս 4ի լրատուութեան, Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջ­նորդ Նոր­վան Արք. Զա­քարեան իր հրա­ժարա­կանը ներ­կա­յացու­ցած է Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոս Գա­րեգին Բ.ի վեր­ջերս Ֆրան­­սա կա­տարած այ­­ցէն ետք: Դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը, ըստ տա­րածո­ւած շշուկնե­րուն, թե­մակա­լ առաջնորդին ան­ձին հան­դէպ Կա­թողի­կոսին յան­դի­մանա­կան ար­տա­յայ­տութիւններն են: 

3.12.12

Յարատեւելու եւ բարգաւաճելու տրամադրութեամբ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

2009 Հոկտեմբեր 27...։ Ահա, այսօր կը տօնենք արդէն երրորդ տարեդարձը։ Սկզբնաքայլեր, որոնց կ՚անդրադառնանք, ոչ այնքան յիշելու այն դժուար պայմանները, որուն մէջ ծնունդ առաւ թերթը։ Ո՛չ ալ այնքան ներկայ կամ յառաջիկայ տպագիր մամուլին դիմագրաւելիք խնդիրները արծարծելու։ Այլ մեր լրագրական փորձառութիւնը բաժնելու ընթերցողներուն հետ, համայնքի այն ղեկավար դասին հետ, որ գիտակից է մամուլին անհրաժեշտութեան, կը գործակցի, կը տեղակացնէ իր տարած գործունէութեան մասին, եւ նիւթապէս կը մասնակցի անոր գոյատեւումին։

10.3.12

Երեք թերթի պատմութիւն


ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

2009-ի ամառը, տասնամեակներու բազմարդիւն գործունէութենէ ետք, լոյս պիտի տեսնէր Փարիզի «Յառաջ» թերթին վերջին թիւը: Այդ ամառ Փարիզ գտնուելով` այցելեցի փակուելու շեմին կանգնած հրատարակչատունը: Թէեւ վերջին թիւը լոյս տեսած էր, սակայն գրասենեակները տակաւին կը գործէին, իսկ թերթը իր վերջին շունչը կու տար: «Յառաջ»-ին հաւատարիմ ընթերցողները գիտեն, որ թերթը լոյս կը տեսնէր տպագրական հին եղանակով: Այլ խօսքով, ամէն օր կապարէ ձուլածոյ տառերը բառացիօրէն ձեռքով քով քովի կը շարուէին, պատկերները (քլիշէ)` նոյնպէս: