27.10.16

7րդ տարեդարձին առթիւ. անդրադարձ

Ժ.Չ.
 
27 Հոկտեմբեր 2009-ին «Նոր Յառաջ» իր առաջին թիւը հրատարակեց։ 7 տարիներ անցան եւ շուտով 1000-րդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ։ Իսկ ֆրանսերէն յաւելուածը որ դարձաւ շաբաթաթերթ՝ իր 6-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ։
Տարեդարձը անդրադարձ է։ Եօթը տարին կարեւոր շրջան մըն է։ Տարիներու փորձէն ետք, այսօր պտուղը հասած է հայերէն եւ ֆրանսերէն տպագիր թերթերու կողքին՝ թուային տարբերակը ունենալու հանգրուանին։ Փորձը եղած է։ Կը մնար նիւթական ներդրումը ապահովել, ինչ որ թէեւ դիւրին գործ չէ, բայց պէ՛տք է ընել։ Ամէն տեղ նիւթական օգնութեան կարիքը կայ։
Մեզի, խմբագրութեանս համար, ներկայ դժուարին պայմաններու մէջ, թերթիս անկախ դիմագիծը պահպանելը կը մնայ գերագոյն նպատակ, որուն համար նիւթականը անհրաժեշտ է, սակայն անկախութիւնը կարելի չէ ապահովել առանց զարգացումի, բարգաւաճման, որուն համար բուն մարտահրաւէրը՝ մարդկային գործօնն է՝ կուռ խմբագրական կազմի ձեւաւորումը, փոխհասկացողութեան միասնական աշխատանքի պայմաններու ստեղծումը, ապահովելով նաեւ ղեկավար, մտաւորական եւ արուեստագէտ դասին գործակցութիւնը։
Տարիներու փորձը պարտադրեց եւ դեռ կը պարտադրէ նոր ուղիներու որոնում, յարմարեցումներ՝ տեղեկատուական մարզէն ներս գիւտարարական նուաճումներուն, նոր լրատուադաշտերուն դիմաց, որոնք ազատ, ձրի, անձնական, անմիջական, ենթակայական լրատւութեամբ ձեւափոխեցին լրատու միջոցներու դերն ու գործելակերպը։
Համաշխարհայնացումը հաստատեց ապրանքներու եւ մարդոց շրջանառութեան արագ հոսքը… նաեւ տիրապետութիւնը անգլերէնի, որ թերթիս աշխատակիցներուն համար ֆրանսերէնի կողքին դարձաւ պարտադիր լեզու։
Միջմշակութային յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ հետզհետէ դժուար կը դառնայ կատարելապէս երկլեզու, երկմշակոյթ անձեր գտնելը կամ պատրաստելը, որոնք անհրաժեշտ են բոլոր մակարդակներու վրայ՝ դպրոցի տնօրէն, ուսուցիչ, լրագրող, վարդապետ, քաղաքական գործիչ… համայնքային կենսունակութիւնը պահելու համար։ Դպրոցները անկարող եղած են պատրաստելու այս տարրերը, որուն պատճառով կը տուժէ համայնքային քաղաքական, ընկերային, մշակութային կեանքը։ «Նոր Յառաջ»-ի հայերէն եւ ֆրանսերէն թիւերուն հրատարակութիւնը նաեւ խմբագրական ուղեգիծ մըն է գոնէ լրագրութեան մէջ հաստատապէս ամրապնդելու երկուքին գոյակցութիւնը. երկմշակութայնութեա՛ն ուղեգիծը։
Սփիւռքի մեր գործընկերներուն հետ գործակցութիւնը եւս անհրաժեշտութիւն կը դառնայ։ Հայկական աշխարհը շատ ընդարձակ է, նոյնքան ընդարձակ՝ անոր լրատուադաշտը. որեւէ մէկ լրատու միջոց անկարող է միայնակ հայկական աշխարհի ամբողջական տեղեկատւութիւնը ապահովելու՝ Սփիւռք եւ Հայաստան։ Գործակցութեան նոր ուղիներու որոնումը անհրաժեշտութիւն է ամբողջութեան լրատուն դառնալ կարենալու համար, առաւել՝ գիւտարարական նորութիւններ, գովազդային դաշտ, թարգմանչական աշխատանք, նոր հրատարակութիւններու եւ համալսարանականներու գիտական աշխատանքներու ծանօթացում բնագաւառներ են որոնք կրնան ապահովել լրատու միջոցներու ցանցային զարգացումը եւ անկախութիւնը։

«Նոր Յառաջ», 27 Հոկտեմբեր 2016 (խմբագրական)
Ժ.Չ. ■

No comments:

Post a Comment