30.9.17

Նամակ «Նոր Յառաջ»-ի խմբագրութեան



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Յարգարժան խմբագրութիւն «Նոր Յառաջ»-ի,
Հետաքրքրութեամբ կարդացի Ստեփան Պօղոսեանի «ազատ կարծիք»-ը («Նոր Յառաջ», 23 Սեպտեմբեր), որուն վերջին բաժինը յատկացուած էր նուաստիս վերջերս գրած յօդուածին՝ «Մեր հայրենիք»-ի մասին։ Տեղին կը նկատեմ կարգ մը լուսաբանութիւններ ընել.

ա) Յուլիսին լոյս տեսած «Պայքար»-ի խմբագրականին հակաճառութիւնը մամուլին յանձնած էի Սեպտեմբերին՝ երեք ամսուան ընթացքին ուսումնասիրելէ ու շարադրելէ ետք, ուստի՝ հեռու էր «իսկոյն» գրուած ըլլալէ։ Երեւոյթը գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ չէր «հեռաւոր Ամերիկայի մէջ» (թող որ համաշխարհայնացումի դարուն «հեռաւոր» չմնաց. խմբագրականը անմիջապէս արտատպուած էր Հայաստանի մէջ՝ երկիցս)։ Յօդուածիս սկիզբը բացատրած էի, որ օրհներգին խնդիրը լուծուած կարելի չէ նկատել, քանի որ ամրագրուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով, ի տարբերութիւն դրօշակին եւ զինանշանին։ Յիշեալ անլոյծ վիճակին հետքերով գրուած ու «ջլամարտի տխուր օրերը յիշեցնող» (Ստ. Պօղոսեանի կողմէ ինծի վերագրուածը փոխ կ՚առնեմ) խմբագրականը պաշտօնական բնոյթ ունէր եւ ո՛չ թէ անձնական։ Հին գինին նոր տիկերու մէջ լեցնելու երեւոյթին դիմաց, հարց տուած էի վերջաւորութեան, թէ «հարկ կա՞յ ժամանակավրէպ դարձող կիրքը վերստին դրսեւորելու...»։
բ) Գրութեան սկիզբը շեշտած էի, թէ «մեր անդրադարձը միայն ու միայն կը մեկնի առարկայական փաստերու ու տրամաբանական եզրայանգումներու քննարկումի արդիւնքէն, առանց որեւէ կողմնակցական կամ կուսակցական ենթախորքի»։ Այս յստակացումը, որ նպատակ ունէր հաւանական քննադատներուն խնայելու «հանդիպակաց ճակատ»էն՝ իբրեւ թէ «գաղափարակից կուսակցութեան» ջաղացքին ջուր լեցնելու համար գրուած ըլլալու թիւրիմացութիւնը, յարգարժան յօդուածագրի ուշադրութենէն վրիպած է։
գ) Յօդուածիս ուշադիր ընթերցումը կրնայ փաստել, որ Խաչատուրեանի «սքանչելի, հոգեզմայլ մեղեդին գետնէ գետին» չեմ զարկած եւ որ անոր մասին բոլոր գրուածները երաժշտական գնահատումի հետ որեւէ կապ չունին։ Գրած եմ, օրինակ. «Արդարեւ, առանց ուրանալու երգահանին բնատուր տաղանդը եւ հոգեւոր երանգի՝ “Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ” շարականի մեղեդիին օգտագործումը, օրհներգին երաժշտութիւնը միշտ պիտի մատնէ “ժամանակի շունչ”ը» (ընդգծումը իմս է)։ «Ժամանակի շունչ»ը՝ քաղաքական գործօնը, եւ Խաչատուրեանի երաժշտութեան որակը իրարու չեմ առնչած։
դ) Ստ. Պօղոսեանը կը գրէ, թէ փոխանակ իմ «մելանն ու եռանդը ճղճիմ ու ժամանակավրէպ վէճերու վատնելու, աւելի շնորհակալ ու ազգանուէր գործ» կ՚ընէի ուղղագրութեան ցաւոտ ու հրատապ հարցը արծարծելով։ Գնահատելի է, որ ան հարցին կարեւորութիւնը կ՚ընդգծէ առանց բառերը ծամծմելու, թէեւ կը կասկածիմ, որ առաջարկուած ստորագրահաւաքը աւելի յաջողութիւն ունենայ, քան նախընթաց բոլոր ճիգերը վերջին քառորդ դարու ընթացքին։ (2002-ին, օրուան Կրթութեան նախարարը՝ Լեւոն Մկրտչեան, արգիլած էր ուղղագրութեան խնդրին արծարծումը Հայաստան-Սփիւռք Բ. համաժողովի անոր նախագահած նիստին։ Միեւնոյն անձը այսօր չորրորդ անգամ նոյն նախարարական պաշտօնը կը վարէ)։ Ի դէպ, պարտաւոր եմ յիշեցնել, որ 1990-ական թուականներէն ուղղագրութեան մասին բազմիցս գրած եմ թէ՛ «Յառաջ»-ի եւ թէ՛ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ, իսկ այս օրերուն լոյս տեսած վերջին անդրադարձս (տե՛ս «Նոր Յառաջ», 26 եւ 28 Սեպտեմբեր 2017) աւարտած ու հրատարակութեան յանձնած էի պրն. Պօղոսեանի յօդուածի տպագրութենէն մօտ շաբաթ մը առաջ։

Յարգանքներով՝

«Նոր Յառաջ», 30 Սեպտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment