Ժ.Չ.
Մեր այս թիւով կը ներկայացնենք «Նորավանք» Գիտակրթական հիմնադրամի հայագիտական կեդրոնէն, Վահրամ Հովեանի վերլուծումը Սփիւռքի վերաբերեալ, վերնագրուած՝ «Հայկական Սփիւռքի փոխակերպումը՝ մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»։
Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհրդատու ռազմավարական գիտահետազօտական կեդրոն, պէտք է յիշել որ Սփիւռքի վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան քաղաքական կարգ մը վերլուծումներն ու որդեգրած քաղաքական ուղեգիծերը, իրենց արտայայտութիւնն ու գործադրութիւնը կը ստանան ուղղակի նշեալ կեդրոնի ուսումնասիրութիւններէն։ «Նոր Յառաջ» անցեալին անդրադարձած է անոր գործունէութեան, արտատպած՝ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ, որոնք հետաքրքրական են ու լուսաբանող։
Կը հրատարակենք «Հայկական Սփիւռքի փոխակերպումը՝ մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»ը, որովհետեւ ֆրանսահայ գաղութին կ՚ակնարկէ իբր զարգացած արեւմտեան գրաւիչ երկիր։
Սփիւռքահայերու փոխակերպման մասին այս ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական է կարդալ՝ հասկնալու համար Հայաստանի պետական դասուն գնահատականը, ընկալումը՝ Սփիւռքին։ Որքա՞ն հարազատ է այն պատկերին որ մենք մեզմէ ունինք։ Եւ փորձել յարաբերակցութեան մէջ դնել, Հայաստանէն՝ սփիւռքահայու մեր ընկալումներուն։
Վահրամ Հովեանի հիմնական մեկնակէտը սփիւռքահայութեան «ժողովրդագրական» տեղաշարժն է, որուն յստակ պատկերացում ունենալն ու ըմբռնելը, առիթ պիտի տայ մարտահրաւէրները ճիշդ բնորոշելու ու դիմագրաւելու եւ առաւելագոյնս օգտուելու անոնց ստեղծած հնարաւորութիւններէն։
Սփիւռքահայութեան հոսքը դէպի Արեւմուտք հաստատուած երեւոյթ է։ Յաւելեալ փաստի կարիք չկայ։ Չորս դրդապատճառներ առաջադրուած են՝ իսլամական միջավայրը, որ խորթ կը թուի հայոց։ Քաղաքական ցնցումները, որոնց ենթակայ է տարածաշրջանը։ Կեանքի որակի բարձր մակարդակի որոնումը եւ ընկերա-մշակութային քրիստոնեայ միջավայր, որ կ՚օգնէ արեւելքցի Սփիւռքահայուն՝ յարմարելու եւ շաղուելու Արեւմուտքի ընկերութեան հետ։
Վերոնշեալ չորս կէտերը ընդունուած են եւ մեկնաբանուած շատերու կողմէ։ Որմէ մեկնած գլխաւոր մարտահրաւէրը՝ Արեւմուտքի մէջ հայոց ուծացումն է, ինքնութեան կորուստը։ Սակայն ըսել, թէ այս ժողովրդագրական տեղաշարժը իբր թէ կ՚ընձեռէ նաեւ հնարաւորութիւններ, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ Հայաստանին եւ Սփիւռքին…։ Հոսկէ կը սկսին տարակարծութիւնները։
Առաջին հարցումը որ կը ծագի այն է, որ եթէ մինչեւ 1990ական թուականները, այսինքն Խորհրդային Հայաստանի անկախացումը բնական էր, որ Արեւելքի հայերը Հայաստանը չէին ընտրեր իբր գաղթօճախ՝ հասկնալի էր. սակայն անկախացումէն ետք, ինչո՞ւ գաղթի ալիքը չուղղուեցաւ դէպի Հայաստան։ Եւ աւելին, ոչ միայն չուղղուեցաւ, այլ հայաստանցին ալ սփիւռքահայու հոգեբանութեամբ, նոյն «ժողովրդագրական» տեղաշարժին ենթարկուեցաւ, վերը նշեալ երեք դրդապատճառներու ազդեցութեան տակ. իսկ չորրորդը, որ իսլամական միջավայրի խորթութիւնն է, փոխարինուած է հայրենի պետութեան հեղձուցիչ կեցուածքով իր ժողովուրդին հանդէպ, երեւոյթ մը, որ Միջին Արեւելքի հայ գաղութները հիւրընկալող պետութիւններու պարագային, ճիշդ հակառակը եղած է, անոնք տնտեսական բարօրութեան պայմանները ապահոված են հայութեան։ Այն ինչ բացակայած է Հայաստանի պարագային։
Այս փոքր, բայց էական մանրամասնութենէն մեկնած, կ՚անցնինք հնարաւորութիւններուն։ Առաջին հերթին, յիշուած է կազմակերպում հայկական լուրջ դրամագլուխի (կապիտալի)։ Մենք մեզի հարց կու տանք՝ ինչո՞ւ, վասն ինչի՞։ Եւ արդեօք այդ դրամագլուխը գոյութիւն չունի՞։ Այդ դրամագլուխը չէ՞ մսխուած։ Երկրորդ կէտը՝ «լոբբիստական» գործունէութեան ծաւալում, ի շահ Հայաստանի եւ Սփիւռքի։ Եւ վերջապէս, մտաւոր ներուժի մեծացում։ Երեք կէտերն ալ, որոնք նշուած են, կարելի են. սակայն միայն մէկ պայմանով՝ Հայաստանը դարձնել հիւրընկալ երկիր։ Ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան երկիր։
Ահա՛ այն ինչ կը պակսի Հայաստանի Հանրապետութեան, որովհետեւ միւս երեք հնարաւորութիւնները կան, սակայն զանոնք գործի լծելու համար հարկ է պետական իրաւական դաշտ, որպէսզի դէպի ազատ, ժողովրդավար Արեւմուտք մեկնող սփիւռքահայը առաջնորդուի դէպի Հայաստան։ Ահաւասիկ գլխաւոր մարտահրաւէրը։
***
Հոկտեմբեր 27ը յատկանշական թուական մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովի սպանդը, որ տակաւին առեղծուած կը մնայ, թէ որո՛ւ պատուէրով եղաւ։ Արդարադատութիւնը խափանուած է։
Երկրորդ՝ նոյն օրը ընտրուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ը իբրեւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց։ Սփիւռքը Հայաստանին կապող ամենէն հին ու էական օղակներէն մին՝ կրօնքը, հաւատքը, եկեղեցին այսօր կը գտնուին պառակտուած վիճակի մէջ, գոնէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու պարագային, յատկապէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սովետամէտ գործելակերպին պատճառով։
Հոկտեմբեր 27ը նաեւ «Նոր Յառաջ» թերթի հիմնադրութեան 4րդ տարեդարձն է։ Ըլլալ անկախ մամուլ Սփիւռքի մէջ, դիւրին գործ չէ։ Խօսքի ազատութեան մակարդակին՝ ենթակայ ըլլալ բոլոր տեսակի ճնշումներու, թէ՛ Սփիւռքի կարգ մը շրջանակներու կողմէ եւ թէ՛ Հայաստանի։ Առանց տեղեկատուական համարկարգի՝ չկա՛յ համայնք, չկա՛յ գաղութ։ Դպրոցին ու եկեղեցիին կողքին, լուրջ դրամագլուխի կազմութեան առընթեր, անհրաժեշտ է անկախ լրատւութեան համակարգ մը պահպանել, որ նաեւ ապահովէ մտաւորական դասուն մտածումի ազատութիւնը, քննական միտքը։
No comments:
Post a Comment