3.12.12

Յարատեւելու եւ բարգաւաճելու տրամադրութեամբ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

2009 Հոկտեմբեր 27...։ Ահա, այսօր կը տօնենք արդէն երրորդ տարեդարձը։ Սկզբնաքայլեր, որոնց կ՚անդրադառնանք, ոչ այնքան յիշելու այն դժուար պայմանները, որուն մէջ ծնունդ առաւ թերթը։ Ո՛չ ալ այնքան ներկայ կամ յառաջիկայ տպագիր մամուլին դիմագրաւելիք խնդիրները արծարծելու։ Այլ մեր լրագրական փորձառութիւնը բաժնելու ընթերցողներուն հետ, համայնքի այն ղեկավար դասին հետ, որ գիտակից է մամուլին անհրաժեշտութեան, կը գործակցի, կը տեղակացնէ իր տարած գործունէութեան մասին, եւ նիւթապէս կը մասնակցի անոր գոյատեւումին։
Խորքին մէջ «Նոր Յառաջ» կը շարունակէ դիմադրական աւանդութիւն մը, որ սկիզբ առած է Շաւարշ Միսաքեանով 1925ին, որ հաստատած է այն ամուր ճակատը տարագիր Հայերու հոգեբեկ, եղեռնահալած ճակատագրին դէմ պայքարելու, վերածնելու։ Հրանտ Սամուէլ, Արփիկ Միսաքեան շարունակեցին այդ աւանդը։ «Յառաջ»ը տարիներու ընթացքին դարձաւ Ֆրանսահայութեան թերթը. անխտիր բոլոր կուսացութիւններն ու քաղաքական հոսանքները բաւարարող։ Դարձաւ եւրոպահայութեան թերթը։ Պաշտպանեց հայ գաղթականութեան շահերը, պայքարեցաւ թուրք պետութեան ուրացումի քաղաքականութեան դէմ, խթանեց մշակութային կեանքը, մտաւորականութեան գաղափարներուն տուն տուաւ։ Մնաց ընդդիմադիր՝ Սովետական Հայաստանի վարչակարգին եւ յետագային ընդդիմադիր՝ անկախ Հայաստանի 3րդ հանրապետութեան իշխանութեան ժողովրդավարութեան կանոններու խախտումներուն։ Ան պաշտպան հանդիսացաւ արեւմտահայերէնին ու դասական ուղղագրութեան։ 84 տարիներու երկայնքին դարձաւ իսկական պատմագիրը ֆրանսահայ եւ մասամբ սփիւռքահայ պատմութեան։
Բայց չի բաւեր լոկ աւանդութեամբ ստանձնուածով սնիլ։ Այսօր կարելի չէ լրագրութիւնը մտածել առանց «արդիական»ին՝ համացանցին, համակարգիչին, բջջայինին, արբանեակային տեղեկատուական համակարգին։ Սակայն, այս նորութիւններու իւրացումն ալ անբաւարար է ֆրանսահայ Սփիւռքի կրթական, մշակութային, հոգեւոր, ինքնութենական պահանջները բաւարարելու։ Նոր սերունդը կը հեռանայ հայկական աւանդական արժէքներու համակարգէն, հայերէնէն, կը բախի մշակոյթներու այլազանութեան, ուր հայկական իր իւրայատուկ տեղը կը փնտռէ։
Ֆրանսան եւ Եւրոպան կը գոհացնեն անոր կենսական կրթահոգեւոր էական պահանջները։ Ազատ անկախ Հայաստանը՝ ո՛չ։ Ան հեղինակութիւն մը չէ իրեն համար, հոգեկան գաղափարական գրաւչութիւն չունի։ Պահ մը երկրաշարժը սթափեց զինք։ Պահ մը արցախեան յաղթանակը խանդավառեց։ Անկախութիւնը նմանապէս։ Բայց, Հայաստանի մէջ ժողովրդավար ընտրութիւններու խախտումները, կաշառակերութիւնը, եւ արտագաղթը կը կազմեն այն սեւ պատկերը, որ կը բարոյալքէ, կը ջլատէ ազգային ամենէն ազնիւ զգացումները։
Մէկ կողմէն Հայաստանէն ստացուած ժխտական պատկերը, միւս կողմէն տեղական համայնքային անկազմակերպ իրավիճակը եւ դիմացը՝ Եւրոպական Միութեան պետութիւններու եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթական արժէքներու գրաւչութիւնը, եւ վերջապէս այս բոլորէն ետք ալ, մեծ պապերու եւ մեծ մամաներու այսինքն՝ տարագիր գաղթական առաջին սերունդին անհետացումով, Սփիւռքահայը կորսնցուց զինք արմատապէս հայութեան եւ Հայաստանին կապող միակ կենդանի թելը, նոր Սերունդը մնաց որբ, օտարացած հայկական արմատներէ։
Այս պայմաններուն մէջ մամուլը եւ լրատու միջոցները կը մնան այն միակ համագաղութային կառոյցները որոնք յստակ պատկերացում մը կու տան հայութենէն, կը ստեղծեն այն դաշտը ուր նոր գաղափարական յղացքներ կը մշակուին՝ դիմագրաւելու համար արդի աշխարհի բարդ իրականութիւնները։ Մամուլը կը մնայ նաեւ առանձնաշնորհեալ այն պատուհանը ուր մտաւորական դասը եւ մշակոյթի գործիչները իրենց գործերը կը ծանօթացնեն հանրութեան։
Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել այն նորութիւնը որ կը կոչուի քարոզչական պայքար, զոր Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շատ կանոնաւոր կերպով կը տանին չէզոքացնելու համար հայկական պահանջատիրութիւնը, յատկապէս Սփիւռքի հայութեան ներուժը։ Այս առումով յատկանշական օրինակներ են Ատրպէյճանի «Սաֆարով» գործողութիւնը, եւ Խոճալուի շինծու բնաջնջման քարոզչութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ազդեցիկ ճնշումի բերումով՝ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը, որով Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած պատժելիութեան օրինագիծը անվաւեր հռչակուեցաւ։ Ասոնք վերջին տասը տարիներուն երեւան եկած նոր երեւոյթներ են որոնք առաջին դիրքի վրայ կը դնեն մամուլի եւ լրատու միջոցներու արդիւնաւէտ եւ մասնագիտական գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հանրութիւնը լուսաբանելու եւ հակաքարոզչական աշխատանք տանելու համար։
Պետական նեցուկէ զրկուած, մամուլը պայքարի առաջին շարքերուն վրայ կը մնայ մինակը։ Բարեբախտաբար կան իրեն օգնող գիտակից ընթերցողներ եւ կազմակերպութիւններ։ «Նոր Յառաջ» երախտապարտ է իր առաքելութիւնը շարունակելու միջոցները հայթայթողներուն։ Չորրորդ տարեմուտի շեմին կոչ կ՚ուղղէ ընտանիքներուն, տարեկան նուիրատուութիւններէն բաժին մը յատկացնելու մամուլին, որպէսզի ան կարենայ յարատեւել եւ բարգաւաճիլ։

Հոկտեմբեր 27, 2012

No comments:

Post a Comment