28.9.11

Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Հայաստան-Սփիւռք Գ. համաժողովին

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ փորձենք իրապաշտ արժեւորումը կատարել վերջին քսան տարիներու Հայաստանի պատմութեան՝ իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, կրնանք անվարան վկայել թէ՝ հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական ահաւոր դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն, այս կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հրաշքի համազօր իրագործումներ կատարուեցան: Հետեւաբար, մեր ազգին պատմահայրը Մովսէս Խորենացին երբ մեզի հետ ըլլար պիտի ըսէր.- «Թէեւ եւ եմք ածու փոքր եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ…, սակայն բազում գործք արութեան գտանին եւ ի մերումս աշխարհի եւ արժանի գրոց յիշատակի»:

Այո՛, բազմաթիւ «արութեան գործեր» կատարուեցան Հայաստանի թէ Ղարաբաղի մէջ շնորհիւ մեր ժողովուրդի հոգեւորական թէ աշխարհական, քաղաքագէտ թէ շինական, մտաւորական թէ զինուոր արի զաւակներուն, որոնք Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու պետականութեան ամրապնդման եւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին բերին իրենց ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութիւնը՝ նոյնիսկ իրենց արեան նահատակութեամբ: Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ անոնց:
Տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքի մէջ ազատ ու անկախ Հայաստանի երազով ապրեցանք, տագնապեցանք ու պայքարեցանք: Այսօր, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, դա՛րձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ հայրենիք: Ճի՛շդ է, անկախութեան կերտումը դժուար է. սակայն, անկախութեան պահպանումը ու ամրապնդումը շա՛տ աւելի դժուար է. ան կը պահանջէ հաւաքական հաւատք ու կամք եւ մանաւանդ ամբողջական յանձնառութիւն:
Արդ, այսօր միայն անցեալին նայելու ու անցեալի իրագործումներով հպարտանալու օր չէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ ապագայի՛ն նայելու ու ապագայի տեսիլքով հզօրանալու ու համահայկական վճռակամութեամբ ապագային քալելու օր է:
Ահա երրորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՚ունենայ նման համահայկական համաժողով մը: Արդարեւ, նման հաւաքներ, անկախ իրենց օրակարգի հարցերէն, կատարած քննարկումներէն ու հրապարակած յայտարարութիւններէն, կենսական են մեր ազգին ամբողջականութիւնը արտայայտելու ու միասնականութիւնը խորացնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերու, տագնապներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբելու Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի մեր աշխարհացրիւ զաւակները: Նման համազգային հաւաքներ մանաւանդ պատեհ առիթներ են բարձրաձայն մտածելու մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող հիմնահարցերուն մասին:
Համաժողովի օրակարգին վրայ ճշդուած են չորս գլխաւոր հարցեր, որոնք առանցքը պիտի հանդիսանան ձեր քննարկումներուն: Ժամանակը չի ներեր ըստ էութեան անդրադառնալու այս խնդիրներուն: Սակայն, պիտի ուզէինք կարգ մը մտածումներ ու մտահոգութիւններ բաժնել համաժողովին հետ՝ որպէս ուղեցոյց կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն:
Ա) Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը մեր ազգի ապագային համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող մարտահրաւէր մըն է, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացումը ու Սփիւռքի վերակազմակերպումը, ինչպէս նաեւ մեր այլ համահայկական հարցերու ճիշդ հունաւորումը ու արդար լուծումը լայն չափով աղերս ունին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ ծաւալող սերտ ու ամբողջական գործակցութեան հետ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեցակէտով ծրագրել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը իր բոլոր տարածքներով ու մարզերով, ի գործ դնելով մեր ազգին ամբողջ կարողականութիւնը ու հեռու մնալով պարագայական նախաձեռնութիւններէ: Կ՚ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ ու անմիջականօրէն ու գոյութենական կերպով ենթակայ՝ համաշխարհայնացման մշակոյթին, մտածելակերպերուն ու գործելակերպերուն: Հետեւաբար, հեռու պէտք է մնալ ժամանակավրէպ գործելաձեւերէ եւ որդեգրել այնպիսի ոճ ու մօտեցում, որոնք համահունչ են մեզ շրջապատող ներկայ պայմաններուն եւ առաւելագոյն չափով կը ներգրաւեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը համահայկական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Բ) Եթէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական տեսլականով ու մտածողութեամբ չէ հունաւորուած, ան կը դառնայ մակերեսային ու ժամանակաւոր: Այլ խօսքով, չի բաւեր միայն համահայկական ձեռնարկներ կազմակերպել ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահել. հրամայական անհրաժեշտութիւն է համահայկական մտածողութիւն զարգացնել, որպէսզի կարենանք համահայկական մօտեցումներ որդեգրել եւ կեցուածքներ ճշդել հայրենիքն ու ազգը դիմագրաւող ընդհանրական հարցերու գծով: Անկասկած նման հաւաքներ կրնան նպաստել այդ ուղղութեամբ, սակայն բաւարար չեն: Համահայկական մտածողութեան մշակումը պէտք է դարձնել մեր մտածումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն կիզակէտը՝ պահելով ու յարգելով հանդերձ Հայաստանի ու Սփիւռքի մօտեցումներուն տարբերութիւնները՝ բնականաբար միշտ ի նպաստ մեր գերագոյն արժէքներուն ու ընդհանրական շահերուն: Այլեւս հարկ է անդրանցնիլ «մենք» եւ «դուք»ի մտայնութիւնը եւ խորացնել հաւաքական «մենք»ի գիտակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն պէտք է տրուի Սփիւռքին, որպէս մեր ազգին կենսական ներուժը ներկայացնող մէկ կարեւոր հատուածը, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան, ի խնդիր անոր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման: Արդ, Հայաստանի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը ու Սփիւռքի վերակազմակերպումը, որպէս մէկ, անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին ճանապարհը, մտածողութեան առանցքը, պայքարին նշանաբանը:
Գ) Այսօր մեր հայրենիքն ու ազգը կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ: Մեր հայեցողութեամբ, ազգին մեծագոյն տագնապը այն փաստացի իրողութիւնն է, որ Հայաստանէն արտագաղթը նո՛յն թափով կը շարունակուի: Այս մասին Մեր մտահոգութիւնը յայտնած էինք Հայաստան-Սփիւռք Բ. Համաժողովին. նո՛յնը կը կրկնենք առաւե՛լ ուժգնութեամբ ու խոր ցաւով: Կը սպասենք որ այս ահազանգը արձագանգէ Հայաստանի իշխանութեան, մտաւորականութեան, մեր հասարակական կառոյցներուն ու հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Մեր թշնամին ուզեց Հայաստան մը՝ առա՛նց հայութեան: Այսօր մենք մե՛ր ձեռքերով կը պարպենք Հայաստանը իր ժողովուրդէն, իր ստեղծագործ ոգիէն, իր որակէն: Այս տագնապին ետին գտնուող ընկերա-տնտեսական պատճառներուն ազդու լուծումներ որոնելը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է՝ առաջքը առնելու համար մեր ազգի այս ներքին արիւնահոսութեան: Իսկ փտածութեան, քորուփցիա կոչուող հիւանդութեան արագասոյր ընթացքը, այլ խօսքով՝ փոքրամասնութեան մը տնտեսական յղփացած վիճակը ու անոր դիմաց մտաւորականներուն, գրողներուն, ուսուցիչներուն ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կենցաղային խեղճ պայմանները անհրաժեշտ է որ շուտով հիմնական բարեփոխութեան ենթարկուին՝ բարոյական արժէքներու, օրինական սկզբունքներու եւ ընկերային հաւասարութեան չափանիշերու ամբողջական կիրառումով: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն դիմաց:
Դ) Վերջապէս, ազգովին կը պատրաստուինք նշելու հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին կողմէ նշանակուած 100-ամեակի Յանձնախումբի առաջին նիստին ըսինք՝ սովորական ամեակ մը չէ որ պիտի նշենք, պարզապէս ծաղկեպսակ զետեղելով, մոմ վառելով, յայտարարութիւններ կատարելով կամ ցոյցեր կազմակերպելով: Մենք պահանջատէր ազգ ենք. մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուած է, մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու սեփական տուները, հողերը, ինչքերը բռնագրաւուած են ցեղասպան թուրքին կողմէ: Հաւատարիմ մեր պապերու կտակին, մենք պիտի շարունակենք, ու պէտք է շարունակենք, մեր պահանջատիրական պայքարը՝ Հայաստանը որպէս պետութիւն իր մօտեցումով ու ոճով, եւ Սփիւռքը, որպէս ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ազգի միւս թեւը՝ իր ոճով ու մօտեցումով. սակայն աշխարհին պիտի ներկայանանք որպէս մէ՛կ ազգ, հաւաքական մէ՛կ կամքով, մէ՛կ ձայնով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ:
Ահա այս մտածումներով ու սպասումներով կÿողջունենք ձեր բոլորը եւ ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր խորհրդակցութիւններուն ու աշխատանքներուն մէջ: Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ միշտ զօրեղ պահէ մեր ազգը իր հայրենիքով, ամուր՝ իր հաւատքով, տոկուն՝ իր կամքով ու պայծառ՝ իր ապագայով:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
19 Սեպտեմբեր, 2011
Երեւան, Հայաստան

No comments:

Post a Comment