ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Կ՚անցնիմ ոլորապտոյտ փողոցներէն։ Իրարու կպած քարակերտ շինութիւններ, իրարու վրայ փլած, մէկզմէկուն թիկունք կանգնած։ Պատն ի վեր հայերէն տառ կ՚որոնեմ՝ հայու տուն ըլլալու կնիքը։ Փողոցը կ՚առաջնորդէ մէկ ուրիշ փողոցի. կատարեալ լաբիւրինթոս մը, ուր թէեւ չկան անել ճամբաներ, սակայն սխալ ծակ մը մտնելու մտահոգութիւնը հետզհետէ կը գրաւէ զիս։ Վարանքը կը ցրէ հարազատութեան այն զգացումը, զոր կ՚առթեն ցած յարկերով տուներուն պատուհանները՝ ուրկէ հայեր անցնող-դարձողը դիտեր էին երբեմն։ Աչքերս գմբէթը կը փնտռեն, անլոյս այդ փարոսը, որ պիտի ճշդէ, թերեւս աւելի վստահ դարձնէ քայլքիս ընթացքը։