ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Դոկտ. Նորա Արիսեան կը գրէ
Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը,
համագործակցութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Նոյեմբեր 14-15 կազմակերպած էր հերթական միջազգային գիտաժողով մը`
«Հայաստանը` արեւելեան եւ արեւմտեան աղբիւրներուն մէջ, դարերու ընթացքին»
նիւթով. անոր մասնակցած էին պատմաբաններ եւ մասնագէտներ` Հայաստանէն,
Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն: