Showing posts with label Մոհամէտ Իմամ Րիֆաատ. Show all posts
Showing posts with label Մոհամէտ Իմամ Րիֆաատ. Show all posts

11.12.11

Երբ եգիպտացի պատմաբանները Հայ Դատի դաս կու տան թուրքերուն

ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը, համագործակցութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Նոյեմբեր 14-15 կազմակերպած էր հերթական միջազգային գիտաժողով մը` «Հայաստանը` արեւելեան եւ արեւմտեան աղբիւրներուն մէջ, դարերու ընթացքին» նիւթով. անոր մասնակցած էին պատմաբաններ եւ մասնագէտներ` Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն: