Showing posts with label ընտանեկան բռնութիւն. Show all posts
Showing posts with label ընտանեկան բռնութիւն. Show all posts

27.1.18

Յառաջադէմ առաջին հանրապետութենէն մէկ դար անց ժամանակն է Հայաստանի մէջ քրէականացնելու ընտանեկան բռնութիւնը


ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

«Մայր Հայաստան»-ը` Երեւանի թերեւս ամենաբարձր արձանը, իր բարձունքէն ուշի-ուշով կը հետեւի թրքական սահմանին: Ազգային այս խորհրդանիշը նոյն պազալթէ պատուանդանին վրայ փոխարինեց դաժան բռնապետ Եոսիֆ Ստալինի արձանը, վերջինին մահէն ետք: Յուշարձանը, որ իր մէջ կը կերպարանաւորէ խաղաղութիւն` ուժի միջոցով, կարծես Հայաստանի կանացի մարմնաւորումն է: Ան նաեւ դիտողին կրնայ յիշեցնել աւելի քան մէկ դար առաջ երկարատեւ եւ արիւնալի հայկական ազատագրական շարժման մէջ կիներուն ունեցած դերին մասին: Պայքար, որ 1375-էն սկսեալ դարեր շարունակ պետականութենէ զուրկ ըլլալէ ետք, ի վերջոյ յանգեցուց 1918 մայիս 28-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման: