Հայաստանի ազգային գրադարանի ելեկտրոնային շտեմարանները, որոնք Մայիս 9-էն ի վեր անհասանելի դարձած էին համակարգչային բաժնին մէջ ծագած հրդեհի մը պատճառով, արդէն վերականգնուած են եւ հասանելի են 24 ժամ:
Այս մասին Յունիս 3-ին տրուած մամլոյ ասուլիսին յայտնած է Ազգային Գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբէկեան: